Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն Ու Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը Այցելեցին Ազգ. Շամլեան Վարժարան

Ա․Մ․Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային վարժարաններ այցելութիւններու շարքին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Ա․Մ․Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի, Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբերին այցելեցին Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան, որուն մուտքին, ջերմօրէն դիմաւորուեցան տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ աշակերտներուն կողմէ:

Վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ փոխ տնօրէնուհիին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանի ընկերակցութեամբ, անոնք այցելեցին վարժարանի բաժանմունքները, ապա մուտք գործեցին հանդիսասրահը, ուր աշակերտները համախմբուած էին՝ հայրենասիրական երգերով ու արտասանութիւններով կազմուած գեղեցիկ յայտագիրով մը պատուելու յարգելի հիւրերը:

Հայերէնի դաստիարակներէն Օր. Անի Պէրպէրեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, հաստատելով, որ վարժարանը բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու դիմած է, մասնակցութիւն բերելու համար Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս հայկական վարժարաններուն օժանդակութեան արշաւին: Ան հրաւիրեց աշակերտական խորհուրդի նախագահ Արա Եագուպեանը, որպէսզի աշակերտութեան անունով արտասանէ սրտի խօսք: Ա. Եագուպեան սրտակցութիւն արտայայտեց Սուրիոյ հայ աշակերտներուն, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը, հաւաստելով, որ ինք ու ընկերները կարելին պիտի ընեն, շարունակելու համար զօրակցութիւնը:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհին, որ համոզում յայտնեց, որ յոյսը կը մնայ անմար եւ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ զօրակից մնալ Սուրիոյ հայութեան. “Շամլեան վարժարանի ընտանիքը չի կրնար լուսանցքային դիրք բռնել ի տես այս պատահարներուն, մասնակցութիւն պիտի բերենք օժանդակութեան արշաւին եւ պատիւ կը զգանք Սուրիոյ հայութեան հետ միասնականութեամբ”, շեշտեց Դոկտ. Քարկոտորեան:

Շահան Սրբազան գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն ու դաստիարակներուն կեցուածքին մասին, վեր առաւ հայ կրթական հաստատութեանց դերն ու կարեւորութիւնը՝ մեր մշակոյթի պահպանման եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ: Ան նկարագրեց այն տխուր վիճակը, որուն մէջ կը գործեն Հալէպի հայկական դպրոցները, եւ աշակերտները յորդորեց փառք տալու Աստուծոյ, որ կ՛ապրին հանգստաւէտ պայմաններու մէջ: Դուք կը վայելէք բազմաթիւ բարիքներ, լաւ կ’ըլլայ, որ անոնցմէ բաժին հանէք Սուրիոյ ձեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ըսաւ հիւր Սրբազանը:

Մուշեղ Սրբազան գնահատանքով արտայայտուեցաւ ընդունելութեան ու աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրին մասին, շեշտեց Շահան Սրբազանի աննախընթաց այցելութեան կարեւորութիւնը, բացատրելով, որ Հալէպի հայ աշակերտը ինչպիսի դաժան պայմաներու մէջ դպրոց կը յաճախէ: Ան հրաւիրեց աշակերտները միասնաբար բացագանչելու. “Մենք ենք սուրիահայ աշակերտները”: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց վարժարանին:

Հաւաքը վերջ գտաւ Սրբազան Հայրերուն աղօթքով: Բոլորը երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ Հայաստանի Քալերգը: Շահան Սրբազանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:

01 03

 

Scroll Up