Արամ Ա Կաթողիկոսն Այցելեց Նոր Ջուղայի Ազգային Ծերանոց

Հոկտեմբեր 19-ին շնորհազարդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ հայրապետն իրեն ընկերակցող հոգեւոր հայրերուն հետ միասին այցելեցին Նոր Ջուղայի ազգային ծերանոց, ուր անոնց դիմաւորեցին Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի անդամ` պրն. Վարուժ Մովսիսեան, Ն. Ջ. Հայ կանանց գթութեան միութեան վարչութեան եւ միութեան այլ անդամուհիները, ծերանոցի պաշտօնէութիւնն ու աշխատակազմը եւ ծերանոցի մեծայարգ բնակիչները:

Ջերմ եւ մտերմիկ ընդունելութեան սկիզբը, միութեան վարչութեան նախագահուհի` տիկ. Արմինէ Սիմոնեան, բարիգալստեան խօսք ուղղելով Վեհափառ Հայրապետին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան, համառօտ ակնարկ ունեցաւ միութեան պատմականի ու գործունէութեան մասին, այնուհետեւ անդրադառնալով Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2014 թուականը «Տարեցներու տարի» հռչակուելու հանգամանքին, զեկուցեց թէ միութիւնը ստանձնած է տարին արժեւորելու պատասխանատուութիւնը:

Սպահանի հայոց թեմի թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Բաբգէն եպս. Չարեան ներկաներուն համար բացատրեց ազգային ծերանոցի նկատմամբ ազգային իշխանութեան տածած ուշադրութիւնն ու խնամատարութիւնը, անոր ցայտուն փաստը համարելով Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան կազմակերպումը` ծերանոց:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսն իր ուրախութիւնը յայտնեց ծերանոցի յարկին տակ գտնուելու առիթով եւ շեշտեց տարեցներու նկատմամբ իր ունեցած յարգանքին ու մեծարանքին մասին:

Վեհափառ Հայրապետն ակնարկելով հայոց պատմութեան անցած ուղիին եւ հայութեան ապրած ծանր ու դժուարին պահերուն, ճակատագրական նկատեց հայ հայրերու եւ մայրերու անգնահատելի ու անփոխարինելի դերը այդ ամբողջ դժուարութիւնները յաղթահարելու, ինչպէս նաեւ նոր սերունդներուն հայեցի ու քրիստոնէական ճիշդ դաստիարակութիւն տալու յոյժ կարեւոր գործին մէջ, որուն համար անոնց մշտական խնամքի, գուրգուրանքի եւ յարգանքի արժանի համարեց:

Մթնոլորտը առաւել ջերմացաւ հոգշ. Տ. Անանիա վրդ. Գուճանեանի` մայրերուն ձօնուած, տիկ. Ռիթա Մկրտչեանի` Վեհափառ Հայրապետին նուիրուած, եւ ծերանոցի բնակիչ պրն. Խորէն Թահմազեանի «Կռունկ ուստի՞ կու գաս» երգերու կատարումներով:

Վերջաւորութեան Արամ Ա Կաթողիկոս եւ անոր ընկերակցող հոգեւոր հայրերը յիշատակի համար հաւաքական լուսանկարուեցան ազգաին ծերանոցի բնակիչներուն, աշխատակազմին եւ միութեան անդամուհիներուն հետ:

Scroll Up