Իրանի Մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ` Նախագահութեամբ Արամ Ա Կաթողիկոսի

Կիրակի` 2014 թուականի Հոկտեմբեր 19-ի առաւօտեան, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեան:

Արարողութեան ներկայ էին Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերը, Սպահանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասը եւ հաւատաւոր հայորդիներ: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Արմէն Ամիրխանեանի:

Շնորհազարդ Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան ընթացքին «Ողջոյն»-էն անմիջապէս ետք, թափօր կազմած հոգեւոր հայրերու ուղեկցութեամբ, հանդիսաւոր մուտք գործեց եկեղեցի եւ քարոզի պահուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկաներուն:

Արամ Ա Կաթողիկոսն իր քարոզի սկիզբը ողջունեց ներկաները եւ բոլորին շնորհաւորեց Ն. Ջ. Ս. Ա. Վանքի «Ս. Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցւոյ 350-ամեակին առիթով, ապա վկայակոչելով Սուրբ Գիրքի հաստատումները, կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեաներու` Աստուծոյ որդեգիրները ըլլալու իրականութիւնը եւ նշեց, թէ ինչպէ՛ս մարդ պէտք է իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, համաձայն Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատուիրաններուն, ընթանայ ուղիղ եւ ճշմարիտ ճանապարհով` Աստուծոյ հետ ըլլալու եւ մնալու, երկնային արքայութեան մէջ մուտք գործելու շնորհքին արժանանալու համար: Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ համայնական կեանքին ամէնօրեայ մասնակցութիւն ունենալը, նմանին օգնութեան ձեռք երկարելը, տկարին, կարօտեալին, հիւանդին եւ զրկեալին գթառատ օժանդակութիւն ցուցաբերելը եւ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցանած առաքինութիւններու մշտական կիրառումը, կարեւոր հրամայական համարեց` Աստուծոյ որդեգրութեան կոչումը արդարացնելու համար:

 

Scroll Up