Ճեմալ Փաշայի Թոռնիկի Յօդուածը` Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Անցեալի Ու Ներկայի Մասին

Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Ճեմալ Փաշայի թոռնիկը` Հասան Ճեմալը, որ մեծհօր յանցանքներու պատճառով բազմիցս ներողութիւն  խնդրած է հայերէն եւ այցելած Ծիծեռնակաբերդ, իր հերթական յօդուածին մէջ պատմած է Տիարպեքիրի վերակառուցուած Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ իր այցելութիւններուն մասին, տարիներ առաջ հանդիպած Անդօ քեռիի մասին եւ ներկայացուցած տարիներ շարունակ հայկական ինքնութիւնը թաքցնելով ապրած Արամ Քաչիկեանի հետ իր զրոյցը:

Tert.am-ը յօդուածը կը ներկայացնէ առանց կրճատումներու.

«10 օր առաջ էր…

Տիարպեքիրի մէջ ճանապարհս դարձեալ Կեաւուրներու թաղամասով անցաւ:

Առաւօտ կանուխ նեղ, խճճուած, սալայատակ փողոցներով քալելուս հասայ Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մուտքին մօտ:

Հայերէն մնացած 14-րդ դարու եկեղեցի է: վերակառուցումէն ետք առաջին անգամ կը տեսնեմ:

Գմբէթն ալ վեր  խոյացած է:

Այս գմբէթը 1915թ.-ին Նուրէթթին Փաշայի կողմէ ռմբակոծուած է. Դեղին պղինձէ 128 քկ կշռող զանգն ալ Մոսկուայի մէջ  ձուլուած ու բերուած է:

Բակը դատարկ է:

Խաղաղութիւն…

Թռչող աղաւնիներու թեւերու ձայնը կը խախտէ լռութիւնը:

Պատի տակ շարուած սեղաններէն մէկուն մօտ  նստեցայ:

Կը սուզուիմ յուշերու մէջ:

Վերջին հայ` Անտոն քեռին

Եկեղեցին ժամանակ մը աւերակ էր` չորս պատէ բաղկացած:

Հաւանաբար` 2001-ն էր:

Դարձեալ տիարպեքիրեան առաւօտ էր, եւ ես միայնակ քալելուս պատահմամբ յայտնուած էի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մօտ:

Պարտէզը մտած էի եւ շրջակայքը ուսումնասիրելուս  տեսած էի անոր:

Միայն մէկ գորգ կար:

Առաւօտեան լռութեան մէջ նստած կը ծխէր:

Կիսաւէր եկեղեցւոյ պատուհանները աղիւսով  ծածկուած էին, իսկ դուրսի դրան վրայ մեծ կղպանք կար… կարծէս կատակ ըլլար:

Նստած էր դրան կողքը, յուզուած էր…

Անոր միայնութիւնը ցաւցուցած էր հոգիս:

Ո՞վ էր ան:

Անտոն քեռին. վերջին հայը, որ տարիներ առաջ այս եկեղեցւոյ մէջ  ապաստանած էր:

Անունը Անտոն Զօր է:

Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ գտնուող, անցեալին քահանային պատկանած երկու սենեակի մէջ կ’ապրէր:

1934-ի ծնունդ էր, բայց շատ աւելի ծեր կ’երեւէր:

Դէմքի կնճիռներն այնքան խոր էին…

Խոր շունչ մը քաշելով կը խօսէր. «Բոլորը գացին, միայն ես  մնացի»:

Յետոյ պատմեց ինծի. «Այստեղ մանկութիւնս  անցած է… բոլորը գացին, հող դարձան, միայն ես  մնացած եմ»:

Ապա  կրկնեց. «Բոլորը գացին»:

Անընդհատ կ’ընդգծէր իր միայնութիւնը:

«Ես մինակ եմ: Հօրեղբօրս որդին` Տիրանն ալ 10 տարի առաջ Ամերիկա գնաց: Բոլորը գացին, միայն ես մնացի պանդոկի անկիւնին մէջ…»:

Ծիծաղեցաւ:

Այս պահուն անոր  ժպիտը դարձեալ աչքիս առջեւ կու գայ:

Բերնին մէջ միայն մէկ` դեփ-դեղին ատամ  մնացած էր:

«Հօրս երբեւէ չեմ տեսած: Կ’ըսեն` փալաններ կը պատրաստէր: Ես ալ թիթեղագործ եմ: Բայց ճնշման խնդիր ունեցայ, ձգեցի մասնագիտութիւնս»,-պատմեց ան:

Անտոն քեռին թոշակառու էր:

«Երբեք չեմ ամուսնացած: Եղբօրս հետ մեր մօրը կը պահէինք: Խեղճ մայրս միշտ հիւանդ էր»,- ըսաւ ան ու ներսէն  լուսանկար մը բերաւ:

Սեւ ու ճերմակ լուսանկար էր, կնոջ լուսանկար:

«Նայիր,  մայրս է»,- ըսաւ ան` լուսանկարը ձեռքս տալով եւ ինքն ալ ամուր-ամուր բռնելով այն:

Գուցէ ատիկա իր կեանքի վերջին ամենաթանկ բանն էր:

«Եղբօրս` Կարապետի հետ անոր միշտ կը խնամէինք: Հիւանդ էր մայրս: Ան ալ մեռաւ, Կարապետն ալ: Միայնակ մնացի»,- Անտոն քեռիի աչքերը լեցուեցան:

Այտերէն թելի պէս իջան արցունքները:

Հրաժեշտ տալով ըսի. «Աստուած օգնական ըլլայ, Անտոն քեռի»:

Հառաչեց ու ըսաւ.«Բարձրեալն ինծմէ երես թեքած է…»:

Տարիներ անց գիտցայ, որ անոր անունը ոչ թէ Անտոն է, այլ Անդօ:

Վերջին տարիները Սթամպուլի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ մնալէ ետք, 2012թ.-ին միայնակ հրաժեշտ  տուած էր կեանքին:

Իրական անունը Անդրանիկ Զօր էր:

***

Եկաւ  կողքս  նստեցաւ  մէկը, որուն դիմագիծը անծանօթ չէ:

«Երբ գիւղերը սկսան դատարկել ու վառել, 1993թ.-ին Լիճէյէն գաղթեցինք: Անդօ քեռին, Աստուած հոգին լուսաւորէ, եկեղեցւոյ պարտէզի մէկ սենեակին մէջ թոյլ տուաւ տեղաւորուինք: Ընտանիքս ու 5 երեխաներս միասին սկսանք բնակիլ այստեղ»,- կը պատմէ ան:

Տարիներ առաջ, երբ եկեղեցւոյ պարտէզը  մտած էի, բակին մէջ խաղցող երեխաներն ու լուացք փռող ճերմակ գլխաշորով կինը կը պատկերուին առջեւս:

Երբ կը պատմեմ այս ամէնը, տղամարդը կ’ըսէ. «Քեզ յիշեցի, եղբայր: Այստեղէն երթալէ վերջ ալ թերթի մէջ  գրած էիր»:

Կ’ըսէ, որ կինը զազա է, իսկ երեխաները կ’աշխատին շինարարութեան վրայ: Խօսքի մէջ ալ կը նշէ, որ Անդօ քեռին Տիարպեքիրի չերմիք շրջանէն է:

Եկեղեցւոյ բակին մէջ սուրճ խմելու ընթացքին կը շարունակէ.«Երբ Լիճէյէն գաղթեցինք, անունս Պահճէթ էր: Սակայն իրական անունս Արամ Քաչիկեան է… Շատ երկար տարիներ թաքցուցած ենք մեր հայկական ինքնութիւնը… Իսլամացած հայեր էինք` այսինքն… Միայն մեծհայրս, եւ անոր քոյրը  փրկուած են ցեղասպանութենէն…»:

Scroll Up