Արաբական Հեռուստատեսութեան Անդրադարձը Հայաստանի Գեղատեսիլ Վայրերուն

Ապու Տապիի Արաբական հեռուստաալիքը “Սապահ Ալ Տար” հաղորդումով սփռած է Հայաստանի տեսարժան վայերը, երկիրը բնութագրելով՝ “Հայաստա՝ն, կախարդական բնութիւն ունեցող քաղաքակրթութեան երկիր”։

5:54 րոպէի ընթացքին հաղորդավարը ներկայացուցած է Գառնին, Մատենադարանը, պատմութեան թանգարանը, հիւլէակայանը, ճոպանուղին, Բիւրականի աստղադիտարանը, Ջերմուկը եւ այլ վայրեր։

Scroll Up