Անրի Վերնոյի Որդին` Բեմադրիչ, ՀԲԸՄ Մարսէլի Մասնաճիւղի Նախագահ Փաթրիկ Մալաքեան Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Հոկտեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ֆրանսահայ նշանաւոր կինոբեմադրիչ Անրի Վերնոյի աւագ որդին` կինոգործիչ, ՀԲԸՄ Մարսէլի մասնաճիւղի նախագահ Փաթրիք Մալաքեանը:

Ողջունելով ֆրանսահայ արուեստագէտը Հայրենիքի մէջ` նախարարն ուրախութեամբ  ընդգծեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան առաջարկութեամբ  ընթացք ստացած է Երեւանի մէջ Անրի Վերնոյի անունով փողոց անուանակոչելու նախաձեռնութիւնը, եւ 2015թ. գարնան մեր մայրաքաղաքի փողոցներէն մէկը կը կոչուի նշանաւոր կինոբեմադրիչի անունով:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց չսահմանափակուիլ միայն փողոցի անուանակոչմամբ, այլ նախաձեռնել նաեւ Անրի Վերնոյի շարժանկարներու ցուցադրութիւններ, յուշ-երեկոներ, Անրի Վերնոյի մասին պատմող գիրքերու տպագրութիւն եւ այլն: «Այսօրուայ երիտասարդների եւ պատանիների համար մենք պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծենք ծանօթանալու ֆրանսահայ մեծ կինոռեժիսորի կեանքին ու ստեղծագործութեանը, արժեւորելու ու գնահատելու Անրի Վերնոյի դերը` ֆիլմերով Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեանը ճանաչելի դարձնելու գործում»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Փաթրիք Մալաքեան կարեւոր համարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ջանքերը` մեծ կինոբեմադրիչի կեանքն ու գործունէութիւնը Հայրենիքի մէջ առաւել ճանաչելի դարձնելու գործին մէջ: Ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հայաստան բերելու եւ ցուցադրութեան ներկայացնելու նաեւ Անրի Վերնոյի անձնական իրերը:

Քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Մարսէլի ՀԲԸՄ մասնաճիւղի կողմէ իրականացուելիք ձեռնարկներուն վերաբերող հարցեր: ՀԲԸՄ Մարսէլի մասնաճիւղի նախագահ Փաթրիք Մալաքեան ցանկութիւն յայտնեց Հայաստանէն պատանիներ եւ աղջիկներ  հրաւիրել` Փարիզի  եւ Մարսէլի մէջ Կոմիտասի երգերը կատարելու նպատակով:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ պատրաստ է աջակցելու Հայրենիք-Սփիւռք մերձեցման նպաստող բոլոր ծրագիրներուն եւ Փաթրիք Մալաքեանին յանձնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին խորհրդանիշ «Անմոռուկ» կրծքանշանը:

 

Scroll Up