Էդվարդ Նալպանտեան. Ատրպէյճանը Ցոյց Տուած Է, Որ Պատրաստ Չէ Հիմնախնդիրի Կարգաւորման

Հոկտեմբեր 16-ին Էդվարդ Նալպանտեան ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Փիեռ Անտրիոն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիկը, այս մասին կը հաղորդեն ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն:

Հանդիպման շարունակուեցան քննարկումներ` արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահներու` Հոկտեմբերի վերջը Փարիզի մէջ  նախատեսուած հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ:

Նախարար Նալպանտեան համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ Փարիզի մէջ Նախագահներու հանդիպման ընդառաջ բազմապատկուած են հրադադարի կարգի խախտումները ատրպէյճանական զինուժի կողմէ, որ դարձած է Պաքուի սովորական գործելաոճը` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման նուիրուած բարձր մակարդակի հանդիպումներէն առաջ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտեց, որ Ատրպէյճանը, ձեւացնելով, թէ իբր պատրաստ է սկսելու խաղաղութեան պայմանագիրի մշակումը, մէկ կողմէն կը փորձէ հիմնախնդիրի շուրջ քննարկումները տեղափոխել այլ հարթակներ, միւս կողմէն` ձախողեցնել միջնորդութեան միջազգային մանդատ ունեցող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ հիմնախնդիրի կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցման ուղղուած վերջին տարիներու բանակցային գործընթացը, որուն ծիրէն ներս տեղի ունեցած են բազմաթիւ գագաթնաժողովներ, ընդունուած են ամենաբարձր մակարդակով յայտարարութիւններ, կայացած են բազմաթիւ հանդիպումներ: Նախարարը շեշտեց, որ, իրականութեան մէջ, իր ապակառուցողական քայլերով, Ատրպէյճանը ցոյց կու տայ, որ պատրաստ չէ հիմնախնդիրի կարգաւորման:

Նախարար Նալպանտեան նաեւ համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի ուշադրութիւնը հրաւիրեց առ այն, որ նոյն նպատակով ատրպէյճանական կողմը, ցանկալին իրականութեան տեղ մատուցելով, մտացածին յայտարարութիւններ կ’ընէ, թէ իբր համանախագահներու կողմէ առաջարկուած է փորձագէտներու մակարդակով բանակցութիւններ սկսիլ կարգաւորման` Պաքուի համար նախընտրելի տարրերու շուրջ: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նշեց, թէ վերոյիշեալը կը փաստէ, որ Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպումէն առաջ Ատրպէյճանը եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ իր անլուրջ մօտեցումը:

Էդվարդ Նալպանտեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ շարունակելու համատեղ ջանքերն` ուղղուած արցախեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:

Scroll Up