Թուրքիան Ձախողած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Մէջ
2015-2016 թուականների համար ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհրդի մէջ իրականացուած ժամանակաւոր անդամութեան ընտրութիւնները աւարտած են: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը` վկայակոչելով “Անատոլու” լրատուական գործակալութիւնը, Թուրքիան, որ այդ կառոյցի ժամանակաւոր անդամ ընտրուած էր 2009-2010 թուականներուն, չէ կրցած կրկին ընտրուիլ ՄԱԿ-ի Ախ ժամանակաւոր անդամ: ՄԱԿ-ի ԱԽ կողմէն “արեւմտեան Եւրոպայի եւ այլ պետութիւններու” համար առանձնացուած երկու տեղի համար պայքարած են Թուրքիան, Սպանիան եւ Նոր Զելանտան:
ՄԱԿ-ի մէջ իրականացուած քուէրակութեան ժամանակ թեկնածու երեք երկիրներէն անհրաժեշտ նուազագոյն 129 ձայները հաւաքած է Նոր զելանտան եւ ընտրուած ԱԽ ժամանակաւոր անդամ: Երկրորդ տեղի համար կրկնակի քուէարկութեան պայքարին Սպանիոյ օգտին ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրներէն քուէարկած են 132-ը, իսկ Թուրքիոյ օգտին` 60-ը: Այսպիսով` 2015-2016 թուականներու համար ՄԱԿ-ի Ախ ժամանակուոր անդամներ են ընտրուած Նոր Զելանտան եւ Սպանիան:
Աւելի վաղ 2015-2016 թուականներու համար ՄԱԿ-ի ԱԽ ժամանակաւոր անդամ ընտրուած էին Անկոլան, Վենեզուելան, Մալէյզիան: Խորհուրդի նոր անդամները պէտք է փոխարինեն Աւստրալիոյ, Արժանթինի, Լիւքսեմպուրկի, Քորէայի Հանրապետութեան եւ Ռուանտային, որոնք ընտրուած էին երկու տարի առաջ: Մինչեւ 2015 թուականի վերջը Խորհրդի մէջ կը մնան Յորդանանը, Լիտվան, այճիրիան, Չատը եւ Չիլին:
ՄԱԿ-ի ԱԽ կը մտնեն 15 պետութիւններ` հինգ մշտական (Ռուսիա, Չինաստան, ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Մեծ Բրիտանիա) նաեւ տասը ոչ մշտական անդամներ, որոնք կ’ընտրուին քուէարկութեամբ