Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Բժիշկներու Համառուսաստանեան Առաջին Համաժողովը

Հոկտեմբեր 15-ին Մոսկուայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վանական համալիրի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ բժիշկներու համառուսաստանեան առաջին համաժողովը` կազմակերպուած Ռուսաստանի Հայերու միութեան բժիշկներու ընկերակցութեան  կողմէ, այս մասին կը հաղորդեն ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն:

Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան, ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպան Օլեգ Եսայեան, Ռուսաստանի Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան,  հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեան:

Դեսպան Եսայեան իր ելոյթին մէջ կարեւորեց նման կառոյցի կազմաւորման նշանակութիւնը,   որ իր շուրջ  համախմբած է ՌԴ մէջ բնակող բժիշկութեան ոլորտի հայ բարձրակարգ մասնագէտներ: Դեսպանը յայտնեց նաեւ դեսպանութեան պատրաստակամութիւնը աջակցած նշեալ կառոյցին եւ Հայաստանի միջեւ կապերու եւ մասնագիտական շփումներու զարգացման:

Զեկոյցներով հանդէս եկան ակադեմիկոսներ, փրոֆէսորներ: Ելոյթներ ունեցան ՀՀ գիտական միաւորումներու եւ ընկերակցութիւններու փորձագէտներ:

Համաժողովի արդիւնքներով հաստատուեցաւ Ընկերակցութեան 2015-2016թթ. աշխատանքային ծրագիրը եւ ընդունուեցաւ Համաժողովի բանաձեւը:

Scroll Up