14 Հոկտեմբեր 1794. Մատրասի Մէջ Լոյս Տեսաւ Հայերէն Տպագիր Առաջին Թերթը՝ «Ազդարար»ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

220 տարի առաջ 14 Հոկտեմբերը դարաշրջան բացող տարեթիւ մը դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։

1794-ի այս օրը լոյս տեսաւ անդրանիկ համարը «Ազդարար» անունով հայերէն տպագիր առաջին թերթին։

Յատկանշականօրէն եւ հայ ժողովուրդին ազգային-քաղաքական աստանդական ճակատագիրը խորհրդանշելով՝ հայկական առաջին տպագիր թերթը լոյս չտեսաւ հայրենի հողի վրայ։

Հրատարակուեցաւ Հնդկաստանի հարաւային Մատրաս քաղաքին մէջ, ուր հայ գաղութ գոյութիւն ունէր եւ ուր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան անունով արժանաւոր հովիւ մը լծուած էր ազգային-հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։

Մատրասը վաճառականական եւ մշակութային կեդրոն, նաւահանգիստ-քաղաք էր՝ միջազգային կարեւոր նշանակութեամբ։ Հայեր հոն հաստատուած էին 16-րդ դարէն սկսեալ։ 1547-ին արդէն, Մատրասի մէջ հիմնուած էր ու կը գործէր հայկական առաջին եկեղեցին։ Իսկ 1772-ին հիմնուած Ս. Աստուածածին Եկեղեցին կը գործէ մինչեւ մեր օրերը։

1770-ականները ազգային-հասարակական ծաղկումի եւ հայ ազատագրական շարժման բուռն խմորումներու շրջան մը եղան Մատրասի հայութեան կեանքին մէջ։ Հայաստանի անկախացման եւ հայոց պետականութեան վերականգնման առաջին դրօշակիրներէն Յովսէփ Էմինի քարոզչութիւնը հասած էր Հնդկաստան եւ վարակած էր Մատրասի հայ երիտասարդութիւնը, որ այդ տարիներուն հիմնած էր գրական-քաղաքական շարժում մը եւ Եւրոպայի, յատկապէս Ռուսաստանի օգնութեամբ Հայաստանի անկախութեան հասնելու նպատակը դրած էր իր առջեւ։

Մատրասի հայութեան զարթօնքին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ յատկապէս հայկական առաջին տպարանին հիմնադրութիւնը 1772-ին, Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ, որ նաեւ ձեռնարկեց ինչպէս հայ մատենագիրներու, նոյնպէս եւ ժամանակի հայ հեղինակներու գործերուն տպագրութեան։

Ահա այդ պայմաններուն մէջ Յարութիւն Աւագ Քահանայ Շմաւոնեան ուղարկուեցաւ Մատրաս, 1785-ին, իբրեւ ծխատէր քահանայ ծառայելու համար հայ գաղութի հոգեւոր կարիքներուն։

Ան ծնած էր Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքին մէջ, 1750-ին։ Ծննդավայրին դպրոցը աւարտելէ ետք, միացած էր Ս. Ամենափրկիչ վանքի միաբանութեան եւ քահանայ ձեռնադրուած 1770-ականներու սկզբնաւորութեան։ Մինչեւ 1777 քահանայական ծառայութիւն կատարած էր Շիրազի մէջ, իսկ այնուհետեւ՝ մինչեւ 1784, մենակեացութեան դիմած էր, իր ժամանակը ամբողջապէս նուիրելով ինքնազարգացման։ Սորված էր պարսկերէն եւ արաբերէն. հմտացած էր գրականութեան, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ։ Նաեւ՝ արհեստներ իւրացուցած էր։ Այդ բոլորով զինուած՝ Մատրաս ուղարկուելով իբրեւ աւագ քահանայ, Տէր Յարութիւն Շմաւոնեան լծուեցաւ ե՛ւ հոգեւորական, ե՛ւ ազգային-հասարակական, ե՛ւ մշակութային-գաղափարական եռուն գործունէութեան։

Առաջին իսկ քայլերէն, Հայ Եկեղեցւոյ այս արժանաւոր հովիւը բառին բուն իմաստով տէր կանգնեցաւ իր հօտի հաւաքական կեանքի բոլոր երեսներուն։ Զարկ տուաւ ոչ միայն հոգեմտաւոր կեանքին, այլեւ իր սորված արհեստները տարածեց իր շրջապատին մէջ։ Բայց յատկապէս երիտասարդ սերունդին ազգային-ազատագրական ապրումներուն եւ ոգեւորութեան թափ տուաւ։ 1789-ին իր հերթին հիմնեց տպարան, որպէսզի հայ հոգեմտաւոր հարստութիւնը մատչելի դարձնէ թէ՛ Մատրասի հայութեան եւ թէ, հայ վաճառականներու միջոցաւ, հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակներուն։

Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի անունը յաւերժացաւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մայր տոմարին մէջ 1794-ի Հոկտեմբեր 14-ին, երբ լոյս ընծայեց հայկական առաջին տպագիր թերթը՝ «Ազդարար»ը, որ մինչեւ 1796-ի Մարտը, ամսական պարբերականութեամբ, հրատարակուեցաւ եւ վարակիչ օրինակ դարձաւ։

«Ազդարար»ի 18 համար լոյս տեսաւ։ Օրինակներ պահպանուած են ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայկական բոլոր մեծ գրադարաններուն մէջ։ Իսկ 1979-ին Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը, յոբելինական երկու հատորներով, «Ազդարար»ի ամբողջական հաւաքածոն արժանացուց վերահրատարակութեան։

Հրապարակագրական եւ խմբագրական մօտեցման, ձեւաւորման ու բաժիններու առումով՝ «Ազդարար» նախակարապետը եղաւ սփիւռքահայ մամուլի աւանդական պատկերացումին։ Ամսական պարբերականութեան հիման վրայ, «Ազդարար» ամփոփ լրատուութիւնը կատարեց հնդկահայ եւ, մանաւա՛նդ, Մատրասի հայ կեանքի իրադարձութիւններուն։ Կարեւոր բաժին մը տրամադրեց կրօնաբարոյական նիւթերու եւ հարցերու։ Նաեւ գրական ու պատմական բաժին մը ունեցաւ՝ ինքնուրոյն թէ թարգմանական նիւթերու հրատարակութեամբ։

«Ազդարար»ը հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ՝ հայոց ազգային¬ազատագրական շարժման ռուսական արեւելումը հունաւորելու եւ հիմնաւորելու առումով։ Պարսկական եւ թրքական տիրապետութեան լուծը թօթափելու գաղափարական դրօշը բարձրացուց՝ շեշտը դնելով քրիստոնեայ Ռուսաստանի օգնութեան ապաւինելու ուղղութեան վրայ։ Իբրեւ այդպիսին՝ «Ազդարար» հանդիսացաւ 19-րդ դարասկիզբի հայ ազգային զարթօնքի առաջին ծիծեռնակներէն մէկը։

«Ազդարար» եղաւ նաեւ արդի հայ ազգային գաղափարախօսութեան առաջին խմորումներուն հրապարակախօսական բեմը։ «Ազդարար»ի էջերուն ծաւալած գաղափարական բանավէճերուն եւ հայ ազգային տարբեր կողմնորոշումներուն մասին կը վկայեն ստորեւ քաղուածաբար արտատպուած մտորումները.-

– «Հայերը միշտ հառաչում, վատաբանում ու ողբում են հայ ազգի վիճակը եւ փոխանակ փոխադարձաբար գործակցելու գլորումից կանգնելու նպատակով՝ ձեռքերը ծալում ու յոյսերը դնում են Աստծոյ վրայ: Այնինչ վաղուց հնչել է զօրաւոր խօսքը, որ ասում է.-

«Բաղխեցէք, եւ դռները կը բացուեն ձեր առաջ»:

Չպէտք է միայն խորհել ու խօսել, այլ գործել, արիանալ: Նշանաւոր ազգերին հասնելու համար հարկաւոր է նրանց արիութիւնից օրինակ առնել: Ներգործաբար արիանալով հրեաներն ելան Եգիպտոսից. ներգործաբար արիանալով հռովմայեցիք Բրուտոսի ձեռքով ազատուեցին բռնակալներից:

«Ամօթ է արտասուելը, որտեղ կայ վրէժխնդրութեան հնար»։

Պէտք է միանալ, արիանալ ու առաջանալ. որտեղ սրանք կան, անկասկած այնտեղ կայ «ազատութիւն, փառք, պատիւ եւ ամենայն ցանկալիք կենաց»:

Ի զուր է յուսալը, թէ հրաշքով կարելի է փրկուել: Ովքեր ոտքի են կանգնել, արիութիւնն է այն արել:

«Արդ, դուք, հայոց երիտասարդներ, իմացէք, աշխարհիս երեսին ամէն արիութիւն երիտասարդների գործն է եղել, եւ ամէն յաղթանակ երիտասարդներն են վայելել: Զգաստացէք, որովհետեւ ծերերն անց են կացրել իրենց ժամանակը եւ բնականաբար այլ բան չեն կարող անել: Այժմ ժամանակը ձեր ձեռքումն է. ինչո՞ւ էք նստում իբրեւ անդամալոյծ»…

– «Յոյժ հարկաւոր է մեզ ուսումն, քան թէ յիմարաբար աշխատանքն»:

«Նախ ուսումնատուն, եւ ապա վայելչութիւն»:

«Հայերը ծոյլ չեն, այլ աշխատասէր, տքնում են, մեծ կարողութիւն են ձեռք բերում, բայց եւ շուտով վատնում, եւ իրենք էլ ոչնչանում են: Բարոյական այլանդակութիւնը կաթուածահար է անում հայերին: «Ժողովեն նեղութեամբ եւ ագահութեամբ, կորուսանեն յիմարութեամբ»: «Նեղում ու զրկում են բոլորին, ոչ միայն օտարներին, այլեւ իրենց մերձաւոր արենակիցներին»:

«Համարձակապէս պատիւ են վայելում կեղծաւորները, ստախօսները, տխմարները… այլեւ նրանց նման ընչաւորները (հարուստները – Թ. Ա.), թէեւ մերկ են ամէն մի առաքինութիւնից»: Լաւ չէ՞ր լինի, որ մեր հարուստները իրենց գոյքից բաժին հանէին հասարակութեանը: «Նրանց դրամների մի քառորդը բաւական էր մեր ազգի նման մի ընկած ազգ յարուցելու համար»:

– «Ուսումը աշխարհիս վրայ է եւ ոչ թէ երկնքում, որտեղից աշխատում են ստանալ անհիմն աղօթքների միջոցով: … Համարձակում եմ հաւատալ, որ ամէն թերութիւն, թէ՛ ուսման, թէ՛ առողջութեան, թէ՛ յարութեան եւ թէ փառքի, կարելի է ոչ միայն լրացնել, այլեւ (ստացածը) հաստատուն պահել միշտ: Որքա՜ն բան կարող է կատարել պակասութիւնն զգացողը, որքան վերանորոգել կարող է ազատութեան ձգտողը…

«Հրաժարում՝ երկնային օրիենտացիայից եւ միութեամբ ու արիութեամբ պայքար՝ ազատութեան համար»:

«Կուտակուած հայկական կապիտալի խնայողութիւն ու ազգօգուտ գործադրութիւն՝ ազգի բարոյական վերակրթութիւն «ուսումնատների» միջոցաւ»։

Scroll Up