Մար­սի­լիոյ թերթերը կանդրադառնան 2015ի պատրաստութեանց

Մար­սի­լիոյ եւ շրջա­նի «Լա Փրո­վանս» թեր­թը Շա­բաթ, Հոկ­տեմբեր 11ի իր թի­ւին մէջ կ՚անդրա­դառ­նայ 2015ին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակի պատ­րաստու­թիւննե­րուն:

Գրու­թիւնը կը կրէ «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն. ժխտո­ղակա­նու­թեան այնքա՜ն եր­կար դար մը» խո­րագի­րը:

Գրելէ ետք թէ, նա­խորդ օր CCAF-ի Հա­րաւա­յին Ֆրան­սա­յի գրա­սենեակը հրա­պարա­կեց 2015ի ձեռ­նարկնե­րու շար­քը, «Լա Փրո­վանս» կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ անոր նա­խագահ­նե­րը՝ Ազատ Պա­լալաս-Գա­զան­ճեանը, Սի­մոն Ազի­լազեանը եւ Ժագ Տօ­նապե­տեանը: Թեր­թը կը նշէ, թէ Մար­սի­լիոյ շրջա­նին մէջ կ՚ապ­րի շուրջ 80.000

հա­շուող հա­յու­թիւն մը, որ տեղ­ւոյն ընդհ. բնակ­չութեան շուրջ 10%ը կը ներ­կա­յաց­նէ. կ՚ըսէ թէ «Թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ 1915ին իրենց դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը շարունակէ խոր վէրք մը մնալ իւ­րա­քան­չիւր Հա­յու մէջ»: Ապա, կը գրէ, թէ Սփիւռքա­հայու­թիւնը կա­րեւոր եր­կու նպա­տակ ու­նի այս հա­րիւ­րա­մեակին առ­թիւ՝ Թուրքիայէն ձեռք ձգել Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը, բայց նաեւ հա­մոզել կա­րելի եղա­ծին չափ մեծ թի­ւով եր­կիրներ, որ­պէսզի ըն­դունին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը պատ­ժող օրէնքներ:

Կը նշո­ւի նաեւ այս առ­թիւ հայ­կա­կան հա­մայնքէն ներս միաս­նութեան ուղղու­թեամբ մղուած ջան­քե­րը, հա­մախմբե­լով կրօ­նական, քա­ղաքա­կան եւ ըն­կե­րակ­ցա­կան բո­լոր տար­րե­րը:

Վեր­ջա­ւորու­թեան կ՚ըսո­ւի, թէ հարկ է ընդգծել՝ այս տա­րելի­ցը ըստ ար­ժանւոյն նշե­լու հա­մար մըշա­կուած ծրա­գիր­նե­րէն 2015 Ապ­րիլ 24, ժա­մը 19.15ին (1915ի յղու­մով) Ֆրան­սա­յի բո­լոր եկե­ղեցի­ներու զան­գե­րու միան­գա­մայն ղօ­ղան­ջին կազ­մա­կեր­պումը, «Յի­շողու­թեան եւ վե­րապ­րողնե­րու պատ»ի մը կա­ռու­ցումը, որ­պէս վե­րած­նունդի խոր­հրդա­նիշ՝ հա­րիւ­ր­եակ մը ծա­ռե­րու տունկը, ինչ­պէս նաեւ «Ամ­նէ­զի Էն­թէր­նա­սիոնալ»ի կա­րե­ւոր մէկ ձեռնարկը:

Նոյն օրը «Լա Մար­սէ­յէզ» թերթն ալ կ՚անդրա­դառ­նար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակի նշում­նե­րու ծրագ­րին ու ոգե­կոչե­լով հա­րաւա­յին CCAF-ի նա­խագահ­նե­րէն Սի­մոն Ազի­լազեանի խօս­քը, կը գրէր, թէ «2015ը պի­տի չըլ­լայ միայն ոգե­կոչումնե­րու տա­րի, այլ նաեւ պայ­քա­րի տա­րի մը»: Թեր­թը կը նշէ, թէ հա­րաւա­յին CCAF-ը, որ կը հա­մախմբէ շուրջ երեք տաս­նեակ կազ­մա­կեր­պութիւններ, ձեռ­նարկնե­րու շարք մը պատ­րաստած է յա­ռաջի­կայ ամիս­նե­րու հա­մար: Ապա կը կրկնէ, քիչ թէ շատ, ինչ որ ար­դէն մէջ­բե­րեցինք «Լա Փրո­վանս»ի գրութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը :

Scroll Up