Կիպրոսի Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս

Աշխատանքային այցով Ժնեւ գտնուող ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով Միջխորհրդարանական միութեան 131-րդ վեհաժողովի ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 13-ին հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի հայ անդամ Մարիոս Գարոյեանի եւ ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Կիպրոսի պատուիրակութեան ղեկավար Աւերոֆ Նէոֆիտուի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ազգային ժողովի լրատուական կեդրոնէն:

ԱԺ փոխնախագահը նշած է, որ Հայաստանին եւ Կիպրոսին կը միաւորեն պատմական հարուստ ժառանգութիւնը, հոգեւոր արժէքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Կիպրոսի ժողովուրդներու միջեւ հաստատուած փոխըմբռնումն ու վստահութիւնը:

Էդուարդ Շարմազանով բարձր գնահատած է Մարիոս Գարոյեանի անձնական ներդրումը հայ-կիպրական բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման հարցին մէջ, յատկապէս Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելու ժամանակաշրջանին:

ԱԺ փոխնախագահը մեծապէս կարեւորած է տարբեր միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն մէջ երկու երկիրներու խորհրդարաններու սերտ համագործակցութիւնն ու փոխադարձ աջակցութիւնը: Ան նկատած է, որ Կիպրոսը ԵՄ անդամ այն երկիրներէն է, որուն հետ Հայաստան ունի ձեւաւորուած սերտ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ. հանգամանք, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանին ապաւինելու Կիպրոսի աջակցութեան մասնաւորապէս, Եւրոպայի խորհուրդի, ԵԱՀԿ-ի, ՆԱԹՕ-ի եւ ՍԾՏՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովներու երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ:

Էդուարդ Շարմազանովն անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ կիպրական հիմնախնդիրներուն` նկատելով, որ հիմնահարցերու շուրջ Հայաստանի եւ Կիպրոսի դիրքորոշումները իրարու չեն հակասեր: ԱԺ փոխնախագահն անթոյլատրելի  համարած է Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի մէկ մասի գրաւումը ու Հայաստանի շրջափակումը:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման անհրաժեշտութեան   մասին`  Էդուարդ Շարմազանով երախտագիտութեամբ նշած է, որ Կիպրոսի խորհրդարանը աշխարհի մէջ առաջիններէն մէկն է, որ ճանչցած է Հայոց
ցեղասպանութիւնը: Ան Մարիոս Գարոյեանին հրաւիրած է մասնակցելու Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի առիթով իրականացուելիք
ձեռնարկներուն:

ԱԺ փոխնախագահը Մարիոս Գարոյեանին եւ Աւերոֆ Նէոֆիտուին առաջարկած է Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս իրականացնել. կիպրական կողմը տուած է իր համաձայնութիւնը:

Scroll Up