«Հայաստան» Հիմնադրամը Արցախի Սօս Գիւղին Մէջ Դպրոց Պիտի Կառուցէ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ԼՂՀ Մարտունիի շրջանի Սօս գիւղին մէջ դպրոց պիտի կառուցէ: Ծրագիրը կ’իրականացուի Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի (հովանաւոր Ճերրի Թրփանջեան) եւ ԼՂՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, երկյարկանի դպրոցը` 830 քմ ընդհանուր տարածքով, նախատեսուած է 200 աշակերտի համար:
Նորակառոյցը պիտի ունենայ ընդարձակ դասասենեակներ, գրադարան, բուժկէտ, ուսուցչանոց: Հիմնական շէնքին կից պիտի կառուցուի մարզադահլիճ: Կը նախատեսուի նաեւ բացօթեայ մարզահրապարակ: Ներկայիս կ’ընթանան հողային աշխատանքները:
Դպրոցի կառուցումը Հիմնադրամի երրորդ խոշոր ծրագիրն է Սօս գիւղին մէջ: Ֆրանսահայ համայնքի ջանքերու շնորհիւ ալ համայնքը այսօր ունի կանոնաւոր ջրամատակարարում եւ յարմարաւէտ նորակառոյ մանկապարտէզ, որ շուտով պիտի սկսի գործելու: Գիւղի ներկայիս խարխուլ դպրոցի հէնց կողքին ալ տեղ պիտի գտնէ նորակառոյց ժամանակակից դպրոցը: