Զարմիկ Պօղիկեանի Խմբագրականը Հայաստան-Սփյուռք 5-րդ Համաժողովին Առիթով

Հա­յաս­տան-Սփիւռք 5-րդ հա­մա­ժո­ղովն ուանոր զու­գա­հեռ լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 7-րդ հա­մա­ժո­ղո­վը նոր ուժ ու թափ տուինՀայ­րե­նիք-Սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան:

Հա­մա­ժո­ղո­վի նիւ­թե­րը կ՛ընդգր­կէ­ին ե՛ւ հայ­րե­նի­քի, ե՛ւ Ար­ցա­խի, ե՛ւ Սփիւռ­քի, ե՛ւ Հա­յոցՑե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի հետ կապ­ուած հիմ­նախն­դիր­ներն ու առա­ջադ­րանք­նե­րը:

Աւե­լի քան 600 մաս­նա­կից­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը ինք­նին մեր ազ­գին հա­մա­խումբ աշ­խա­տե­լու նկր­տու­մին վկա­յու­թիւնն էր: Հա­մա­ժո­ղո­վը յա­ջո­ղե­ցաւ գոր­ծուղ­ղել հայ­կա­կան նե­րու­ժը ի խըն­դիր մեր ազ­գա­յին, պե­տա­կան, գա­ղու­թա­յին եւ հայ­րե­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու վե­րա­ո­րա­կա­ւոր­ման:

Ակն­յայտ էր հա­մա­ժո­ղո­վին կազ­մա­կերպ­ուա­ծու­թեան բարձր մա­կար­դակն ու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն ար­տա­յայ­տութ­եան հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լու եւ խն­դիր­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն քն­նար­կե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մը:

Հա­մա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րու ըն­թաց­քին հն­չե­ցին զե­կոյց­ներ եւ քն­նար­կում­ներ, ներ­կա­նե­րըիրա­զեկ դար­ձան իւ­րա­քան­չիւր հար­ցի, մար­տահ­րա­ւէ­րի ծալ­քե­րուն, սեր­տե­ցին իրենցներդր­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու հա­մա­հայ­կա­կան մեր աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մադ­րե­լու մի­ջոց­նե­րը:

Հայ­կա­կան լրատ­ուա­կան դաշ­տը եւս քն­նարկ­ման առար­կայ դար­ձաւ: Այս­տեղ նշ­ուե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի սե­մինապա­տե­ղե­կա­տուու­թեան դէմ դնե­լու ծրագ­րա­ւոր­ուած աշ­խա­տան­քին անհրաժեշտութիւնը:Ոմանք դի­տել տուին, որ հայ­կա­կան զանգ­ուա­ծա­յին լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը հարկ եղած ձե­ւովչեն թա­փան­ցած օտա­րա­լե­զու մա­մու­լին մէջ,հե­տե­ւա­բար 100ամ­եա­կի սե­մին յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ­պէտք է արժանացնել տե­ղե­կատ­ուա­կան պա­տե­րազ­մն ու օտա­րա­լե­զու մա­մու­լին մէջ լայ­նա­ծա­ւալ ներ­կա­յու­թիւնը:

Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տագ­նա­պը առան­ձինու­շադ­րու­թեան առար­կայ դար­ձաւ: Յա­տուկնիս­տե­րու ըն­թաց­քին տագ­նա­պը ապ­րող սուր­ի­ա­հա­յեր ար­ծար­ծե­ցին հա­մայն­քի գո­յա­պայ­քա­րին առն­չուող դժ­ուա­րու­թիւն­ներն ու սուր­ի­ա­հա­յե­րու անվ­տան­գութ­եան խն­դիր­նե­րը:

Դրա­կան էր իւ­րա­քան­չիւր նիւ­թի առան­ձիննիս­տե­րով եւ հա­մա­պա­տաս­խան նիս­տա­վար­նե­րով քն­նար­կե­լու երե­ւոյ­թը, ինչ որ մե­ծա­թիւմաս­նա­կից­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րը հա­մադ­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղծեց: Աշ­խա­տան­քա­յին այս ձե­ւով կա­րե­լի եղաւ ի մի բե­րել բո­լորտե­սա­կէտ­ներն ու առա­ջադ­րանք­նե­րը` նիս­տե­րու եզ­րա­կա­ցու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­մով:

Ող­ջու­նե­լի էր յատ­կա­պէս Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ անոր անձ­նա­կազ­մին ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւնն ու մաս­նա­գի­տա­կան հա­մա­կարգ­ուած աշ­խա­տան­քը:

Հա­մա­ժո­ղո­վը առիթ ըն­ծա­յեց յատ­կա­պէսնոր ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու եւ գոր­ծակ­ցու­թեանցնոր ոլորտ­նե­րու ստեղծ­ման:

Այս բո­լո­րին մէջ սա­կայն տեղ-տեղ նկա­տե­լիէր մաս­նա­կից­նե­րու զե­կոյց­նե­րու բնոյթ­նե­րուան­հա­մա­տե­ղե­լիու­թիւնը, ինչ որ կարգ մը զե­կոյց­նե­րուն կու տար զուտ տե­ղե­կագ­րա­կանբնոյթ: Անհ­րա­ժեշտ էր նախ­քան ժո­ղո­վը զե­կոյց­նե­րու բո­վան­դա­կութ­եան եւ տա­րո­ղու­թեանգծով աւե­լի յս­տակ պատ­կե­րա­ցում տալ մաս­նա­կից­նե­րուն:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի նա­խօր­եա­կին եւ Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման 23ամ­եա­կի օրե­րուն զու­գա­դի­պող ու հա­մայն հա­յու­թեան ղե­կա­վար տար­րը մէկ­տե­ղողայս հա­մախմ­բու­մը յս­տա­կօ­րէն կ՛ուր­ուագ­ծէրհա­մա­հայ­կա­կան խըն­դիր­նե­րու առն­չուող մերռազ­մա­վա­րու­թիւնը:

Կը մնայ յու­սալ, որ բո­լոր կող­մե­րը իրենց կա­րե­լին ի գործ դնեն եւ ար­ձա­նագր­ուած որո­շում­նե­րը գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րով ար­ժե­ւո­րեն:

Զ.Պ.

Scroll Up