Ամերիկահայ Բարերար Չառլզ Պիլեզիքեանի Ընտանիքը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ բարերար Չառլզ Պիլեզիքեանի ընտանիքը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց Չառլզ Պիլեզիքեանի բարեգործական գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, մասնաւորապէս Շուշիի եւ Երեւանի մէջ կառուցած նախակրթարանները եւ Երեւանի «Մարգարեան հիւանդանոցի» երկրորդ յարկաբաժինի վերանորոգումը: Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց հայ բարերարներու դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ ներկայացուց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող այն ծրագիրները, որոնք կը նպաստեն հայապահպանութեան:

Հաշուի առնելով ամերիկահայ բարերար Չարլզ Պիլեզիքեանի աւանդը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բարեգործական գործունէութիւն ծաւալելու, հայապահպանութեան գործին մէջ առանձնայատուկ ծառայութիւններու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի  միջեւ գործուն կապերն ամրապնդելու, հայ համայնքներու կրթական, եւ մշակութային խնդիրներու լուծման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար  նախարար
Հրանուշ Յակոբեան անոր պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուբար» յումետալով:

Scroll Up