Հալէպի Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

Շաբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ագգային եւ եկեղեցական Սրբոց Թարգմանչաց տօնը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւորկանաց դասուն, Ազգ. Վարչութեան, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, Ազգային Սահակեան, Զաւարեան, Կիւլպէնկեան եւ Հայկազեան վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմի ներկայութեան: “Հայէրն այսօր”-ին կը յայտնէ “Գանձասարի”-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Այս առթիւ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ, մասնակցութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, խմբավարութեամբ՝ Գէորգ Գատէհճեանի:

Արժ. Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի կողմէ օրուան պատգամը փոխանցեց Առաջնորդի օգնական՝ Գերպ. Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան:


Պատարագի աւարտին աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով, եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

02

Scroll Up