Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերու Հետեւանքով Զոհուած Է 35 Մարդ

Սուրիոյ մէջ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Քոպանի քաղաքի վրայ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ահաբեկիչներու իրականացուցած յարձակումներուն դէմ բողոքող եւ Թուրքիայէն օգնութիւն պահանջող ցուցարարները երէկ ողջ օրն ու գիշերը շարունակած են ցոյցերը, ինչպէս կը հաղորդէ Tert.am-ը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրրիյէթ» թերթի կայքը, անցնող 4 օրերուն ընթացքին Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը հասած է 35-ի:
10 զոհ գրանցուած է Տիարպեքիրի մէջ, 6` Մարտինի, 1-ական զոհ Վանի, Ատանայի, Պաթմանի, Մուշի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Երէկ Պինկէօլի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու, ոստիկանապետի վրայ իրականացուած յարձակման հետեւանքով զոհուած է 4 մարդ, ներառեալ` երկու ոստիկան: Զոհեր գրանցուած են նաեւ Այնթապի մէջ: