Թիֆլիսի ՄԷջ Նորաշէնի Ամրացման Աշխատանքներ Սկսած Են

8 Հոկտեմբեր 2014թ….Օր, որուն թիֆլիսահայերը սպասած են աւելի քան 20 տարի…օր, երբ սկսաւ Թիֆլիսի կեդրոնը գտմուող հայկական Նորաշէն եկեղեցւոյ ամրացման աշխատանքները: Այս մասին կը յայտնեն Վրաստանի հայ համայնքի մեր գործընկերները:
Նորաշէնի ամրացման աշխատանքներուն կը նախորդէր կառավարական յանձնաժողովի բազմամսեայ աշխատանքը: Կառավարական յանձնաժողովի կազմին էին Վրաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի, Վրաց Պատրիարքարանի, «Բազմազգ Վրաստան» եւ «21 դար»
կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Կառավարական յանձնաժողովի հիմնական նպատակն է այն խնդիրներու լուծման ուղիներու մշակումը, որ չէ կրցած իր հանգուցալուծումը գտնել երկար տարիներու ընթացքին:
Իսկ խնդիրը կը կայանայ, որ Վրաստանի անկախութեան ձեռքբերումէն յետոյ, 1991թ.-ին պետութիւնը սկսած է վարել խտրական քաղաքականութիւն կրօնական «փոքրամասնութիւններուն» հանդէպ: Խտրական քաղաքականութեան գոյութեան ամէնավառ ապացոյցը դարձաւ այն, որ կրօնական շէնքերը, որոնք
մինչ խորհրդային բռնագրաւումը կը պատկանէին տարբեր կրօնական միաբանութիւններու (Հայ Առաքելական, Հռոմէական-կաթոլիկ, Լիւթերական եկեղեցիներուն եւ այլն), Վրաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք անցան Վրաստանի Պատրիարքարանի հովանիի ներքոյ: Հետեւաբար վրացական եկեղեցին
իրականացուցած է եկեղեցական շէնքերու փաստացի բռնագրաւում եւ նուաճում, հիմնականին մէջ հայկական եւ կաթոլիկ: Շատ եկեղեցիներ, որոնք առաջ հայկական էին, այսօր արդէն վերափոխուած են վրացականի… Այն եկեղեցական հաստատութիւնները (Թիֆլիսի եւ շրջաններու մէջ), որոնք վրացական եկեղեցին
«չէ հասցուցած» նուաճել, յայտարարուած են «վիճահարոյց»:
Այսպէս կոչուած «վիճահարոյց» եկեղեցիներու դրութիւնը նախանձելի չէ… եկեղեցական շէնքերու պատկանելութեան վէճը արդէն սկսած է 20 տարիէն աւելի, միեւնոյն ժամանակ վէճի առարկաները կ’ոչնչացուին: Բառիս բուն իմաստով: Որոշ պարագաներու մտածուած, որոշ պարագաներու ալ անուղղակի մտածուած` բնական գործօններու ազդեցութեամբ… Քրիստոնեայ երկրի մէջ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ոչնչացման վերջին փաստը կատարուած է բոլորովին վերջերս` Սեպտեմբեր 21-ին, երբ քանդուեցաւ «վիճահարոյց» Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ տանիքը: Մինչ այդ քանդուած էր Սուրբ Նշանը, աւելի առաջ Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգը եւ այլն:
Ամէն նման քանդուելու փաստէ վերջ պետութիւնը հրապարակայնօրէն կը խոստանայ յետագային թոյլ չտալ երկրի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, մինչդեռ իրականութեան մէջ որեւէ փոխոխութիւն չկայ: Եկեղեցիները կը շարունակեն քանդուիլ…
Այդ ձեւ, Նորաշէնի ամրացման աշխատանքներու մեկնարկը աննախադէպ յառաջընթաց է: Մեռած վայրի տեղաշարժ… Ատիկա առաջին վիճելի եկեղեցին է, որուն ամրացումը կ’իրականացուի մինչ անոր քանդուիլը կամ վնասուիլը:
«Նորաշէն եկեղեցւոյ ամրացման աշխատանքները պիտի տեւեն մօտաւորապէս մէկ տարի: Աշխատանքները կ’իրականացնէ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ տուեալ աշխատանքներու նպատակն է թոյլ չտալ եկեղեցիներու ոչնչացումը: Հարկ է նշել, որ Նորաշէն տաճարի ամրացման աշխատանքներ սկսելու որոշումը յանձնաժողովը ընդունեց միայն այն բանէն ետք, երբ մենք հարցէն տարանջատեցինք քաղաքական գործօնը: Այսինքն յանձնաժողովը պայմանաւորուած է, որ առաջին հերթին անհրաժեշտ է ամրացնել եկեղեցւոյ շէնքը, թոյլ չտալ անոր քանդուիլը, եւ շէնքը փրկելէ ետք միայն թող կողմերը նստին եւ որոշեն, թէ որուն կը պատկանի շէնքը: Մենք կը կարծենք, որ ատիկա միակ ճիշդ ուղին է: Հայկական եւ վրացական եկեղեցիները արդէն 20 տարիէ աւելի, կը վիճեն եկեղեցական շէնքերու պատկանելութեան շուրջ, եւ միաժամանակ Մենք Վրաստանի քաղաքացիներս եւ վիրահայերս, կը կորսնցնենք պատմամշակութային ժառանգութեան յուշարձանները… Այդ քաղաքականութեան պատճառով մենք արդէն կորսնցուցած ենք շատ ժամանակ եւ շատ յուշարձաններ: Եկած է մօտեցումը փոխելու ժամանակը: Նորաշէնի ամրացման աշխատանքերու սկիզբը տուեալ հարցի շուրջ քաղաքականութեան փոփոխութեան արդիւնք է: Եկեղեցին կ’ամրացուի, կը պաշտպանուի ոչնչացումէ: Բարեբախտաբար մենք ականատեսը չենք ըլլար, թէ ինչպէս կ’ոչնչանայ Նորաշէնը միւս եկեղեցիներու նման… Յանձնաժողովի որոշմամբ կ’ամրացուին հիմքը եւ պատերը: Ինչ կը վերաբերի արտաքինին, ապա անոր ոչ մէկը չի դիպչիր: Ամէն ինչ կը մնայ ինչպէս որ կայ», -խմբագրութեան հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ կառավարական յանձնաժողովի անդամ, «Բազմազգ Վրաստան» կազմակերպութեան ղեկավար Առնոլտ Ստեփանեան:
Ուրեմն …ինչո՞վ կ’աւարտէ եկեղեցւոյ պատկանելութեան «վիճելի» հարցը կախուած է մեզմէ: Կախուած է անկէ, թէ որքան արդիւնաւէտ պիտի կարենայ վիրահայութիւնը համակարգել իր քայլերն այդ ուղղութեամբ եւ պաշտպանել իր արդար շահերը:
Ցաւօք, այն պայմաններուն մէջ, ուր մենք կ’ապրինք, ստիպուած ենք ապացուցելու այն, ինչ այնպէս ալ պարզ է բոլորին համար… Ստիպուած ենք ապացուցելու, որ հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան բոլոր կանոններուն համաձայն եւ տեսանելի ապացոյցով` ներքին գեղանկարչութեան եւ ներքին տեսքով
կառուցուած եկեղեցին հայկական է… Ալ չենք խօսիր այն մասին, որ գոյութիւն ունին բազում հաստատող փաստաթուղթեր եւ վկայականներ, որոնք կը փաստեն, որ Նորաշէնն ու այլ եկեղեցիները բացի մեզմէ` հայերէն, ուրիշ ոչ մէկուն չեն պատկանիր: Ահա այսպիսի իրականութիւն: Այն չի կարելի հասկնալ եւ
արդարացնել, բայց անհրաժեշտ է հաշուի առնել եւ իրականութեան դիմակայել եւ մեր յամառութեամբ ու նպատակաուղղուածութեամբ հասնիլ խնդիրի արդար լուծման: