Վերականգնուած «Նռան Գոյնը»` Լոնտոնի Կինոփառատօնին Մէջ

Սերգէյ Փարաջանովի 1968-ին նկարահանուած «Նռան գոյնը» շարժանկարի թուային վերականգնուած տարբերակը պիտի ցուցադրուի Լոնտոնի միջազգային կինոփառատօնին` «շլացնելով հանդիսատեսը»:

The Guardian-ը կը գրէ, որ երբ Մարտին Սկորսեզէն կը պատրաստուէր Թորոնթոյի կինոփառատօնին շարժանկարի վերականգնուած տարբերակի ցուցադրման, հանդիսատեսին ըսած է, թէ ականատես պիտի ըլլան պատկերի ու ձայնի «կինոյի պատմութեան մէջ նմանը չունեցող համադրութեան»:

Լոնտոնի կինոփառատօնը պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 8-19:

Պարբերականը կը գրէ, որ բոլորովին վերջերս շարժանկարը յայտնուած է Sight & Sound-ի բոլոր ժամանակներու մեծագոյն ժապաւէններու ցանկին` զբաղեցնելով 84-րդ տեղը:

The Guardian-ը բաւական մանրամասն անդրադարձած է Փարաջանովի կենսագրութեան` շարժանկարներ պատրաստելէն  մինչեւ բանտարկութիւն ու անձնական բնոյթի տուեալներ: Զուգահեռ ներկայացուած է նաեւ շարժանկարի ստեղծման պատմութիւնը:

Սերգէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» 1968 թուականին նկարահանուած է «Հայֆիլմ» արուեստանոցին մէջ եւ 2013-ին ամերիկեան Film Foundation-World Cinema Project (Նիւ Եորք) հիմնադրամի միջոցներով վերականգնուած է Իտալիոյ L’immagine Ritrovata-ի մէջ:  Շարժանկարի վերականգնուած տարբերակն
առաջին անգամ ցուցադրուած է Քաննի 67-րդ կինոփառատօնի դասական ծրագիրի (Cannes Classics) ծիրէն ներս:

Շարժանկարի վերականգնուած տարբերակը Սեպտեմբեր 24-ին ցուցադրուած է նաեւ Մոսկուայի «Վելիկան» կինոթատրոնին մէջ` «Ուղերձ մարդուն» փառատօնի ծիրէն ներս:

«Նռան գոյն»-ը Փարաջանովի ամենայայտնի շարժանկարներէն է: Այն թողարկուած է 1968թ․-ին ու նուիրուած է Սայաթ-Նովային: Շարժանկարի հեղինակային անունը, ի դէպ, «Սայաթ-Նովա» է: Գտնուելով գրաքննութեան ճնշման տակ բեմադրիչը ստիպուած եղած է վերամոնթաժել ու փոխել շարժանկարի անունը:

Փարաջանովի ձգած ժառանգութեան մէջ ամէնավառ ձեւով ներկայացուած է Կովկասի բազմազանութիւնը: 1964-ին նկարահանած «Մոռացուած նախնիների ստուերները»-ը շարժանկարէն ետք Փարաջանովին սկսան դասել աշխարհի լաւագոյն բեմադրիչներու շարքին: «Նռան գոյնը» Փարաջանովի յաջորդ գլուխգործոցն է: Երկու շարժանկարներն ալ ենթարկուեցան խորհրդային գրաքննութեան, որուն արդիւնքով Կառավարութիւնը փոխեց իր վերաբերմունքը բեմադրիչին հանդէպ եւ 1973-ի Դեկտեմբեր 17-ին անոր 5 տարի ազատազրկման ենթարկեց ` մեղադրելով արուամոլութեան մէջ:

PanARMENIAN.Net

Scroll Up