Գերմանիոյ Բոլոր Եկեղեցիներու Զանգերը Միաժամանակ Պիտի Ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Գերմանիոյ Միջեկեղեցական խորհուրդի տարեկան նիստին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի վերաբերեալ ընդունուած է պաշտօնական յայտարարութիւն, ուր կը նշուի, որ անցած է մէկ հարիւրամեակ, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այեւ միջազգային հանրութեան վրայ: Այս մասին կը յայտնէ PanARMENIAN.Net:

«2015-ին մենք կ’ոգեկոչենք Օսմանեան Կայսրութեան կողմէն իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը: 1915-1922 թուականներուն մէկ ու կէս միլիոն հայեր սպանուեցան, իսկ հազարներ ալ տեղահանուեցան իրենց տուներէն (ներկայ Թուրքիա) եւ աքսորուեցան: Այսօր աշխարհով մէկ սփռուած աւելի քան վեց միլիոնանոց հայկական սփիւռքը այդ ցեղասպանութեան տեսանելի հետեւանքն է:

Անցած է մէկ հարիւրամեակ, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ միջազգային հանրութեան վրայ: Նոյնիսկ եթէ այսօր գրեթէ վերապրողներ չկան, ցաւի եւ անարդարութեան ճանաչումը կը շարունակէ մնալ արդիական:

Մենք կը յարգենք, յիշատակը՝ հայ, ինչպէս նաեւ շուրջ 600.000 արամէացի, ասորի եւ յոյն քրիստոնեաներու, ներառեալ կաթոլիկներու ու բողոքականներու, որոնք սպաննուեցան իրենց հայ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասին: Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ջանքերը «հայ եկեղեցիներուն հնարաւորութիւն ընձեռել` իրենց ձայնը բարձրացնելու եւ պայքարելու 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման համար”, միշտ գնահատուած է հայ եկեղեցւոյ կողմէն”,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: 
Scroll Up