Հայ մշակոյթի շաբաթուան նուիրուած ձեռարուեստի բացառիկ ցուցահանդէս- վաճառք՝ Նոր Ջուղայի մէջ

Նոր  Ջուղաի Սրբոց Թարգմանչաց եւ Հայ Մշակոյթի շաբաթուան նուիրւած ձեռնարկներու  մեկնարկը տրուեցաւ Նոր Ջուղայի Հայոց ազգ. կրթահամալիրի կեդրոնական դահլիճէն ներս կազմակերպուած  «Քանանեան» աղջ. դպրոցի փոխտնօրէն  եւ ուսուցչուհի Կարինէ Մինասեանի ձեռարուեստի  անձնական ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեամբ, որ կատարուեցաւ Սպահանի Հայոց թեմի Կրթական խորհուրդի ներկայացուցիչներու ձեռամբ:  Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին յայտնած է Երանուշ Թահմազեան Նոր Ջուղայէն:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ն«Քանանեան» դպրոցի Տեսչութեան եւ Ծնողական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ նպատակ ունէր նոր սերունդի ուշադրութեան յանձնել, որ  ժամանակակից կեանքի մէջ, երբ ամէն ինչ մեքենայացուած է   չըհեռանալ  մշակոյթային արժէքներէն  եւ  զիրենք խրախուսել, որ գիտարուեստէն օգտւելու կողքին զբաղիլ  նաեւ ձեռարւեստով, ինչպէս   նաեւ յիշեցնել՝ անցեալին բարեգործական հիմունքներու վրայ ձեռագործ կատարելու  ջուղայեցիներու  գեղեցիկ աւանդոյթի մասին.«Այս նպատակով   տկն.Մինասեան   ցուցահանդէսին կից  առանձին տաղաւարի մէջ   վաճառքի հանած էր  շարք մը  ձեռագործեր, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ նուիրել էր դպրոցին»

Յատկանշական է, որ  ցուցահանդէսը իր բնոյթով եւ բազմազանութեամբ, կ’արտացոլէր  ոչ միայն տկն. Մինասեանի համբերատարութիւնն ու նուրբ ճաշակը, այլեւ անոր նուրբ  եւ բարեգործ  հոգին, որ վեր է ամէն ինչէն  եւ արժանի է մեծագոյն գնահատանքի:

Հոկտեմբեր 2-էն  սկսած ցուցահանդէսը  իր աշխատանքը աւարտեց Հոկտեմբեր 5-ին:

01 02 04 05

Scroll Up