Թրքական Փոթորկոտ Գարուն` Քաղաքական Եղանակի Կանխատեսումներով

Միջինարեւելեան տարածաշրջանային պատերազմը կտրուկ դիմափոխութիւններու կ՛ենթարկուի: Եթէ Սուրիոյ պարագային բանակ- ազատ բանակ ձեւաչափով էր առաջին փուլը, ապա անիկա վերածուեցաւ ՏԱՀԵՇ- վարչակարգ ընդհարումներու վրայ կեդրոնացած պատերազմի: Հիմա արդէն մարտերու թէժ կէտերուն մէջ ներգրաւուած են քիւրտերն ու իսլամական պետութեան զինեալները: Անշուշտ որոշ տարբերութիւններով` իրավիճակը ընդհանուր առումով նոյնն է Իրաքի պարագային: Այնտեղ եւս իրադարձութիւններուն վրայ բացուած լուսարձակները  կը վերաբերին Իսլամական պետութեան ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքներուն եւ ինքնավար Քիւրտիստանի սահմաններու պահպանման:

Իրաք-Սուրիա այս գիծը կ՛ենթարկուի վերիվայրումներու: Հասարակաց եզրերը Իսլամական պետութեան եւ քրտական ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքներու յստակացման, սահմաններու ճշդման եւ նոր շրջաններու գրաւման կը վերաբերին: Տարբերութիւնը կ՛երեւի նաեւ միջազգային ընտանիքի  միջամտութեան տարողութիւններուն: Թէեւ թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ մինչ այժմ Սուրիոյ պարագային դաշնակից ուժերու գործողութիւնները կը մնան սահմանափակ եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ սահման չհատելու, կարմիր գիծերը չանցնելու զգուշացումներ են իրականացուածները եւ ոչ թէ Իսլամական պետութեան երեւոյթը արմատախլելու:

Կրօնական պիտակի տակ այս գործիքը յայտնաբար տակաւին պէտք է աշխարհաքաղաքական ուժերուն,  տարածաշրջանին մէջ բաժանարար ծրագիրներ իրականացնելու համար: Քարիւղի հանքերու կէտերը իրադրութիւններու զարգացման , տեղաշարժերու արձանագրութեան եւ տարածքներու վերահսկողութեան համար մղուող պայքարներուն մէջ նշանակալի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն բնականաբար: Թէ՛ իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ պարագաներուն, ռազմավայրերը այլ բան չեն յուշեր:

Քրտական ինքնիշխանութեան սահմաններու նախագծումը պարզ է, որ աշխարհաքաղաքական օրակարգ է: Այս իրողութիւնը ինքնին անհանգստացնող անշրջանցելի նախադրեալ է Անգարային համար, որ յայտնաբար մեծ ճիգերու մէջ է միջազգային մեկուսացման մէջ չյայտնուելու համար: Այսպէս. Իսլամական պետութեան մօտ պատանդներ ունենալու պատրուակով Անգարան միջազգային դաշինքին մաս կազմել- չկազմելու  տատանումներով, փորձեց սուղ գինով վաճառել խորհրդարանի իր որոշումը` մաս կազմելու ռազմական գործողութիւններուն: Սուրիական պատերազմի առաջին օրէն Անգարայի կողմէ յանկերգուող ապահովութեան գօտիի առաջադրանքին վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ ոչ թռիչքային գօտի հաստատելու ծրագիրը:

Այս բոլորը կը միտին քրտական տարածքներուն եւ թրքական սահմաններուն միջեւ պատնէշային գօտիներ հաստատել: Իսկ այս պարագային Իսլամական պետութիւնը Անգարայի առաջադրած գօտիներու ձեւաւորման համար ճիշդ գործիքն է: Չէ բացառուած, որ Թուրքիան Իսլամական պետութեան դէմ միաւորուած ուժերու սահմանափակ օդային գործողութիւններուն ձեւական մասնակցութիւն ունենայ: Վերիվայրումներով յատկանշուող Անգարայի դիրքորոշումները կը նախանշեն մեկուսացման դաշտ չմտնելու փորձերը:

Փաստօրէն քրտական տարածքներու  սահմանագծման հարցն է, որ հիմնական հակասութեան մէջ կը դնէ աշխարհաքաղաքական կեդրոններն ու Անգարան: Այս վերջինը զինելով եւ ֆինանսաւորելով Իսլամական պետութիւնը այժմ կը փորձէ յենիլ անոր` պաշտպանելու իր սահմանները:

Սահմաններու համար ապահովութեան գօտի ստեղծելու առաջադրանքը կ՛ենթադրէ, որ վտանգուած են սահմանները: Իսկ սահմաններու վտանգուածութիւնը  նախադուռն է տարածքային ամբողջականութեան սասանման:Քաղաքական եղանակային կանխատեսումները  սկսած են խօսիլ թրքական փոթորկոտ գարնան մը մասին: Մանաւանդ որ չեն հերքուիր Թուրքիոյ քիւրտերը զօրաշարժի հրաւիրող պաշտօնական կոչերը:

 Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ»

Scroll Up