ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարի Գրասենեակը Դատապարտած Է Սուրիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Պայթեցումը

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը մտահոգութիւն յայտնած է «Իրաքի եւ Լեւանտի իսլամական պետութիւն»   իսլամիստական   կազմակերպութեան կողմէ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին
պայթեցնելու առնչութեամբ:

Այս մասին կը  հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, յանձնակատարի խօսնակ Ռուպերթ Քոլուիլ նշած է, որ Սուրիոյ  մէջ կառավարական եւ հակակառավարական կողմերու շարունակական բախումներու արդիւնքով կ’ոչնչացուին կրօնական եւ հնագիտական շատ վայրեր:  Խօսնակ Ռուպերթ Քոլուիլն ընդգծած է, որ այս տարուան ընթացքին զգալիօրէն աճած են Սուրիոյ մէջ հակակառավարական զինեալ ուժերու   յարձակումները    կրօնաւորներու  եւ  եկեղեցիներու վրայ:

Ան յայտնած է, որ սուրիական կառավարական ուժերը կը շարունակեն զինուորական հաստատութիւններ մշակութային շինութիւններու տարածքին մէջ տեղադրել: ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցով գերագոյն յանձնակատարի խօսնակն իր մտահոգութիւնը  յայտնած է այն փաստի առնչութեամբ, որ մինչեւ օրս կը շարունակեն անհետացած համարուիլ Հալէպի սուրիական ուղղափառ եւ յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոսներ Եօհաննա   Իպրահիմն    ու   Փոլ   Եազիգին`   առեւանգուած 2013  թուականի Ապրիլին, ինչպէս նաեւ հայր Փաոլօ
Տալլօգլիոն` առեւանգուած 2014 թուականի Յունուարին:

«Մենք կ’ընդգծենք, որ կրօնաւորներն ու կրօնական հաստաութիւնները միջազգային մարդասիրական օրէնքով երաշխաւորուած յատուկ պաշտպանութեան տակ են եւ պէտք է յարգանքի արժանանան ու պաշտպանուին բոլորին կողմէն»,- յայտարարած է Քոլուիլը:

Scroll Up