Սփիւռքի նախարարն ընդունած է «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի ներկայացուցիչները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/0160.jpg)
Սփիւռքի նախարարն ընդունեց «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի ներկայացուցիչները:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց հիմնադրամի կողմէ ջաւախահայութեան համար իրականացուող մշակութային կեանքի, մարզական ոլորտներու բարելաւման ու կատարելագործման ուղղուած ջանքերը:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչները ներկայացուցին հիմնադրամի ապագայ ծրագիրները, որոնցմով կը նախատեսուի իրականացնել բարեգործական ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ, աջակցիլ հիմնադրամի նպատակներուն համապատասխանող պետական, բարեգործական եւ այլ ծրագիրներու ու ձեռնարկներու իրականացման, տրամադրել դրամական եւ նիւթատեխնիկական օգնութիւն` ատոնց կարիքն ունեցող
անհատներուն, եւ կազմակերպութիւններուն:
Հանդիպման աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարարին` ջերմ ընդունելութեան եւ իրենց նախաձեռնութիւններուն աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնելու համար: