Յունահայոց Թեմը Իրաւական Պետական Ճանաչում Ստացաւ

Յունաստանի խորհրդարանի Ամառնային Գ. նստաշրջանը սկզբունքային որոշում որդեգրեց, քննարկելով երկրէն ներս կրօնական համայնքներու յետ այսու իրաւական բնոյթ տալու հարցը:

Չորեքշաբթի 1 Հոկտեմբերին վաւերացուած օրինագիծի նկատմամբ՝ դրական կեցուածք ունեցան խորհրդարանի մեծամասնական ուժերը, մինչ Համայնավարները մնացին ձեռնպահ եւ Ոսկեայ Արշալոյսը դէմ դասուեցաւ:

Կրթութեան նախարար Անտրէաս Լովերտոս, դիտել տուաւ թէ այս օրինագիծը կուգայ լուծելու 1946-էն ի վեր առկախ մնացած հարցեր, որ կը խոչընդոտեն Յունաստանի մէջ կրօնական համայնք կազմող հաւաքականութիւններու բնականոն գործունէութիւնը:

Նշենք, թէ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան տարիէ մը աւելի ի գործ դրուած ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ Յունահայոց Թեմը եւս ներառնուած է տուեալ օրինագիծին մէջ: Հելլէն խորհրդարանին կողմէ ընդունուած օրէնքին համաձայն, Յունահայոց Թեմը ճանաչում կը ստանայ յետ այսու՝ իբրեւ առաջնակարգ մակարդակի Եկեղեցական Իրաւական Անձ («Μητρόπολη Ορθοδόξων Αρμενίων Ελλάδος, Εκκλησιαστικό Νομικό Πρόσωπο – Առաջնորդարան Յունաստանի Ուղղափառ Հայոց, Եկեղեցական Իրաւական Անձ» բնորոշումով):

Օրինագիծի քննարկման նախորդած ժամանակաշրջանին, խորրհրդարանի յանձնաժողովի նիստին յատուկ հրաւէրով ներկայացան Յունահայոց Ազգային Վարչութեան կողմէ պրն. Ստեփան Փափազեան եւ հայ համայնքի կողմէ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, որոնք պարզեցին Յունահայոց թեմի դիրքերն ու պահանջները:

Յայտնենք, թէ նոր օրէնքին համաձայն՝ կրօնական համայնք մը Եկեղեցական Իրաւական Անձ նկատուելու համար, անհրաժեշտ նախապայման է, որ անոր մաս կազմեն առ նուազն երեք Կրօնական իրաւական անձեր: Յունահայոց Թեմի պարագային՝ օրէնքի թիւ 12.5.դ յօդուածին համաձայն, իբրեւ Ազգային Առաջնորդարանին ենթակայ ուրոյն Կրօնական իրաւական անձ կը ճանչցուին Աթէնքի, Նէոս Գոզմոսի, Գոքինիոյ, Թեսաղոնիկէի, Գավալայի, Քսանթիի, Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուպոլիսի եւ Տիտիմոթիխօ-Օրէսդիատայի Եկեղեցիները, որոնք առանձին կը յիշատակուին:

Օրէնքը ի զօրու պիտի դառնայ Պետութեան Պաշտօնաթերթին (ՖԷՔ) մէջ հրատարակուելէ ետք, որմէ յետոյ առաւելագոյնը մէկ տարուայ ընթացքին պէտք է ամբողջացած ըլլան իրաւական բոլոր ձեւակերպութիւնները ու Թեմի նոր կանոնագրութիւնը:

Հելլէն մամուլը կ’անդրադառնայ տուեալ օրինագիծի որդեգրման, նշելով թէ այս քայլը կ’ողջունեն Վատիկանի եկեղեցին, ինչպէս եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը ու շարք մը եւրոպական պետութիւններ, որոնք անհրաժեշտ յառաջդիմութիւն կը նկատեն երկրէն ներս որդեգրուած օրինագիծը, դիտել տալով թէ այն մեծապէս կը սատարէ կրօնքի ու մարդոց իրաւունքներու յարգման հարցերու եւ կ’ապահովէ կրօնական համայնքներու գոյութիւնը:

Scroll Up