Հարցազրոյց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի Հետ

Սեպտեմբեր 7-ինն Հայկաշէնի մէջ (Իրան) մեկնարկեց մէկշաբաթեայ համագումար Թեհրանի հայոց դպրոցներու կրօնի եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու մասնակցութեամբ:
Համագումարը կազմակերպուած էր Միջեկեղեցական հրատարակութեան գրասենեակը՝ հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի: Համագումարի մասնակցելու նպատակով Լիբանանէն հրաւիրուած էր դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանը եւս: Առիթը պատեհ համարելով՝ մէկշաբաթեայ համագումարէն ետք Իրանի “Ալիք”-ը հարցազրոյց ունեցած է դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի հետ: Զրոյցի ընթացքին ան բացատրութիւններ փոխանցած է դպրեվանքի մէջ ծաւալող աշխատանքներու եւ 85-ամեակի առիթով կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններու մասին:
Հ.- Հայր Տօնոյեան, կը խնդրեմ հակիրճ պատմական տուեալներ փոխանցէք դպրեվանքի մասին:
Պ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը մինչեւ 1915 թ.-ը կը գտնուէր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ: 1915 թ.-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն մեր մէկուկէս միլիոն հայ նահատանկներու շարքին էին նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ, պղծուեցան մեր բազմաթիւ սրբութիւնները եւս: 1915 թ.-ին Մեծ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր հայրապետով եւ քանի միաբան հայրերով դուրս դրուեցաւ պատմական Կիլիկիա քաղաքէն եւ 1930 թ.-ին 15 տարիներու թափառումէն ետք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ դպրեվանքը հաստատուեցան Անթիլիասի մէջ՝ Լիբանան: Դպրեվանքը հաստատուած է 1930 թ.-ին: Դպրեվանքի ոգեղէն ճարտարապետներն են՝ Սահակ Խաբայեան կաթողիկոսը, Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսը եւ Շահէ եպս. Գասպարեանը:
Երեք տիպար հոգեւորականներ միասնաբար ձեռք-ձեռքի տուած կրցան մէկ այլ երկրի մէջ հիմնել դպրեվանքը, որ պէտք է մեր ժողովուրդին տար հոգեւոր դաստիարակներ, պիտի դաստիարակէր ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ ազգային գործիչներ: 1930-1978 դպրեվանքը գործեց Անթիլիասի մէջ, պարբերաբար որոշ շրջան բարձրացաւ Պիքֆայա եւ Ս. Աստւածածին վանքի մէջ ունեցաւ կրթական կարճ ժամանակաշրջան:
1978-էն սկսեալ դպրեվանքը մնայուն կերպով կը գտնուի Պիքֆայայի Ս. Աստւածածին վանքի մէջ եւ մենք 2015 թուականին պիտի նշենք դպրեվանքի վերածննդեան 85-րդ ամեակը:
Հ.- Ի՞նչ կ’ըսէք դպրեվանքի կրթական ծրագրերու վերաբերեալ:
Պ.- Դպրեվանքը իբրեւ վանք, իբրեւ դպրոց, իբրեւ կրթական մէկ ամբողջութիւն է: Դպրեվանքի մէջ հոգեւոր սնունդ ստանալու կողքին մեր աշակերտները կը ստանան նաեւ մտաւոր զարգացում եւ ոգեղէն կրթութեամբ անոնք կը կրթուին իբրեւ պատանիներ եւ կը պատրաստուին դառնալ տիպար հոգեւորականներ կամ աշխարհիկ ազգային գործիչներ: Դպրեվանքի մէջ կը դասաւանդուին զանազան նիւթեր:
Դպրեվանքի ուսումնական շրջանը երկու բաժիններ ունի. առաջինը ժառանգաւորաց բաժին, ուր ուսանողները կը սորվին գիտական, լեզուական նիւթեր, հայոց պատմութիւն եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւն:
Երկրորդ բաժինը կը կոչենք ընծայարան, ուր դպրեվանքի ուսանողները կը սորվին աստուածաբանական նիւթեր, կ’անցնին հայերէնագիտական դասընթացներ, պատմական դասընթացներ կը սորվին հասարակագիտական-եկեղեցագիտական նիւթեր եւ 22-25 առարկաներ կը կրթութիւն կը ստանան այդ բաժնէն ներս:
Դպրեվանքի ուսանող կրնան դառնալ 12 տարեկանը լրացուցած պատանիները, երբ աւարտեն 6-րդ դասարանը: Մեր դռները բաց են իւրաքանչիւր հայ աշակերտի դիմաց, որ պատրաստ է ինքզինք զգալ դպրեվանցի եւ դպրեվանքի մէջ իբրեւ գիշերօթիկ ուսանելու, զարգանալու եւ այնտեղ մնալու, որպէսզի պատրաստուի ապագայ ծառայութեան: Դպրեվանքի ուսանող կրնան դառնալ աւելի մեծ տարիքով ուսանողները, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն ուսանելու եւ դառնալու հոգեւորական:
Հ.- Պիտի նշուի դպրեվանքի 85-ամեակը: Ի՞նչ կըսէք այդ մասին:
Պ.- Կը գտնուինք դպրեվանքի 85-ամեակի սեմին: Դպրեվանքը ոգեղէն տաճար է, ինչպէս մեր հայրապետները ըսած են՝ դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սիրտն է եւ բանաստեղծի բառերը փոխառնելով՝ մեր հայրապետները միշտ հետեւեալ ձեւով բնութագրած են դպրեվանքը՝ տաճար հրաշագործ, վսեմ ձուլարան, ուր կապարն հոսի, նիւթը հոգի դառնայ:
Իրապէս, դպրեվանքը կը հանդիսանայ այն ոգեղէն կառոյցը, ուր ուսանողներ, աշակերտներ, երիտասարդներ, այդտեղէն անցնելով, անցած են մարդակերտման բովէն: Այնտեղ գտնուող մեր ուսուցիչները, հոգեւորական թէ աշխարհական ծաղկազարդած են անոնց հոգիները:
85-ամեակի սեմին մենք զանազան ձեռնարկներ պիտի կազմակերպենք. կը մտածենք շարք մը հրատարակութիւններ իրականացնել, տեսահոլովակներ պատրաստել, որպէսզի դպրեվանքի կեանքը, առօրեան եւ պատմութիւնը դարձնենք մեր ժողովուրդի սեփականութիւնը:
Պէտք է աւելցնեմ, որ դպրեվանքը կը վայելէ անմիջական հովանաւորութիւնը եւ հսկողութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի:
Վեհափառ Հայրապետի հսկողութեան ներքոյ կը գործէ տեսչութիւնը, այժմ տեսչութիւնը ունի երկու օգնական աբեղաներ՝ Տ. Շնորհք աբղ. Աշըգեանը եւ Տ. Գարեգին աբղ. Շխրտլեանը: Մենք ուսանողներ ունինք Սուրիայէն, Լիբանանէն, Թեհրանէն, Յունաստանէն, նաեւ հեռաւոր Մալէյզիայէն: Մենք կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները, որ իրենց աշակերտները ուղարկեն դպրեվանք:
85-ամեակի ծրագրերու շարքին է պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին առիթը պէտք է ունենանք՝ լայնօրէն եւ ըստ պատշաճի տօնախմբելու այս ոգեղէն տաճարի 85-ամեակը:
Այս յոյսերով ու խոհերով եւ հոգեկան մեծ ուրախութեամբ պէտք է համայն հայութեան աւետեմ, որ դպրեվանքը հզօր կառոյց է, որովհետեւ այդտեղ կայ Աստուծոյ օրհնութիւնը: Դպրեվանքը ունի շուրջ 60 ուսանող, այս տարի ընդունած ենք շուրջ 20 նորեկներ եւ այսպիսով՝ մեր թիւը կը բարձրանայ 80-ի: Շէնքի սահմանափակ լինելու պատճառով՝ 60-էն աւելի աշակերտներ ընդունելու հնարաւորութիւնը չունինք:
Հ.- Սփիւռքեան գաղթօջախներ մէջ հայոց լեզուի եւ կրօնի ուսուցիչներու վերապատրաստման հարցով ի՞նչ աշխատանքներ կը ծաւալէ դպրեվանքը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Պ.- Կաթողիկոսարանը նման ծրագրեր իրականացուցած է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի անմիջական հովանաւորութեամբ, կաթողիկոսարանի հայագիտական եւ կրթական գրասենեակը զանազան առիթներով կազմակերպած են հայոց պատմութեան, հայոց լեզուի եւ կրօնի ուսուցիչներու սեմինարներ, երիտասարդական յատուկ սեմինար, որոնք կը կազմակերպուին զանազան բաժանմունքներու կողմէն՝ անցնող 20 տարիներու ընթացքին:
Հ.- Ինչքան տեղեակ ենք, Պիքֆայայի վանքը վերանուանուած է Ս. Աստւածածին վանք, կը խնդրեմ արտայայտուիք այդ մասին:
Պ.- Անցնող Օգոստոսին Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի առիթով մատուցուած ս. պատարագի ընթացքին, երբ Արամ Ա կաթողիկոսը իր պատգամը կը յղէր աւելի քան հինգհազար հաւատացեալներու, որոնք բարձրացած էին Պիքֆայայի վանքը, որպէսզի հաղորդակից դառնան ս. պատարագին եւ օրուան խորհուրդով լեցուին, Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի վանքը վերջնականապէս կոչեց Ս. Աստւածածին վանք: Անցնող տարիներու ընթացքին Պիքֆայայի վանքը զանազան կոչումներ ունեցած էր:
Երբեմն կոչուած էր դպրեվանք, Պիքֆայայի վանք, կաթողիկոսութեան ամառանոց կամ Աստուածածին վանք, բայց մեզի համար շատ կարեւոր է, որ Վեհափառ Հայրապետի կողմէն լսենք նման յայտարարութիւն, որ այսուհետեւ Պիքֆայայի բարձունքներուն վրայ գտնուող Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վանքը կը կոչուի Ս. Աստւածածին վանք:
Շուրջ երեք տարի է, որ վանքի ընդարձակման համար աշխատանքներ կը ծաւալին: Ս. Աստուածածին վանքի մէջ կը գտնուին՝ դպրեվանքը, Ս. Աստւածածին մատուռը, վեհարանը, հիւրանոցը, կառուցուած է միաբանական նոր շէնք, կառուցուած է նահատակաց խորանը եւ անցնող Օգոստոսին օծուեցաւ այդ խորանը, որը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Պիքֆայայի բարձունքի վրայ կը գտնուի նաեւ Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը, այլ խօսքով՝ Պիքֆայայի վանքը, որ այսուհետեւ կը կոչուի Ս. Աստւածածին վանք, դարձած է համալիր, ուր ներդաշնակութիւն տիրէ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու միջեւ:
Մեզի համար ուրախութիւն եւ պատիւ է յայտարարելու, որ առաջին անգամը ըլլալով՝ 2015-ի Յուլիս 18-ին Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Անթիլիասէն դուրս, որովհետեւ 1930-2008 Միւռոնօրհնէքը միշտ կատարուած է Անթիլիասի մայր տաճարի կամ կաթողիկոսարանի մէջ:
Առաջին անգամ ըլլալով՝ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը կը կատարէ կաթողիկոսարանէն դուրս, բայց կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գտնւող մէկ այլ կեդրոնի մէջ՝ Ս. Աստուածածին վանքի մէջ: Ահաւասիկ, կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովրդին, որպէսզի յառաջիկայ տարի 2015-ի Յուլիս 18-ին Լիբանանի մէջ մասնակցին Ս. Աստւածածին վանքի մէջ տեղի ունեցող Միւռոնօրհնէքի արարողութեան, որ պիտի կատարուի Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ: