Նայիրա Կարապետեան. Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Պայթեցումը Կը Հաստատէ «Իսլամական Պետութեան» Վայրենի Բնոյթը

Եւրոպայի    Խորհուրդի    Խորհրդարանական    վեհաժողովին   մէջ   ՀՀ   պատուիրակութեան     անդամ    Նայիրա Կարապետեան անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներուն  աջակցելուն,    Քեսապի   եւ   Տէր Զօրի Սուրբ նահատակաց եկեղեցւոյ պայթեցման:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` պատգամաւորը ելոյթին մէջ նշած է. «Մենք բոլորս  անհանգստացած ենք Սուրիոյ եւ   Իրաքի   մէջ   օրէ   օր վատթարացող   իրավիճակի  վերաբերեալ  եւ կը դատապարտենք խաղաղ բնակչութեան ինչպէս   նաեւ`  ազգային   փոքրամասնութիւններու   դէմ     ուղղուած     յարձակումները          եւ     ահաբեկչական գործողութիւնները:

Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Սուրիոյ մէջ ապրող հայերու ճակատագիրով: Սուրիոյ  միւս քաղաքացիներուն հետ     միասին  անոնք   այսօր   կը  պայքարին  իրենց  կեանքին  համար:  Մարտ ամսուն մենք ականատես եղանք Սուրիոյ Քեսապ քաղաքի ողբերգական իրադարձութիւններուն,  քաղաքի մը, որ  կարծես  անցեալ   դարասկիզբին ցեղասպանութեան հետեւանքով հայերու անմարդկային տեղահանութիւններու  մասին  ցաւոտ  յիշեցում  մըն էր: Այս        քաղաքը եւ   յարակից   12   գիւղերը   դաժան   յարձակման   ենթարկած   ահաբեկչական      խումբերը,    որ փոխկապակցուած էին Ալ-Քայիտայի հետ, սահմանը հատած էին հարեւան Թուրքիոյ տարածքէն:

Ես անձամբ  այցելած եմ Սուրիա, հանդիպած եկեղեցիներու   մէջ   ապաստան   գտած  փախստականներուն հետ: Անոնք պատմեցին, որ ահաբեկիչները պղծած են Քեսապի  քրիստոնէական   եկեղեցիները,   ինչպէս  նաեւ էական վնաս պատճառած են քաղաքացիական բնակչութեան գոյքին: Իսկ ընդամէնը  քանի մը օր առաջ մենք ականատես եղանք մէկ այլ բարբարոսական գործողութեան` Արեւելեան Սուրիոյ մէջ  ահաբեկիչներու  կողմէ  պայթեցուած էր Տէր Զօրի   Սրբոց   Նահատակաց   հայկական  եկեղեցին:   Ատիկա  Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ յուշարձան էր, վայր մը, ուր  ամփոփուած էին Եղեռնի սարսափելի յանցագործութեան նահատակներու մասունքները:

Սրբավայրին մէջ եղած այս բարբարոսութիւնը հերթական անգամ կը հաստատէ  այսպէս   կոչուած  «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խումբի վայրենի բնոյթը:   Բանաձեւի   նախագիծին   մէջ   ԵԽԽՎ-ն կը  յայտնէ խորին մտահոգութիւն, որ շուրջ 3000   երիտասարդ եւրոպացիներ են «Իսլամական Պետութեան» շարքերուն մէջ,  որ կը կռուին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, եւ կոչ կ’ընեն Եւրոպայի խորհուրդի անդամ   պետութիւններուն ջանքեր գործադրել բացայայտելու եւ ետ կանչելու, ինչպէս   նաեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու մեղաւորներուն:

Եկէք       խօսինք       անկեղծ.  ինչու՞     մենք      միայն      հիմա       կը       սկսինք  անհանգստանալ եւրոպացիներու ներգրաւուածութեան վերաբերեալ: Ինչու՞ մենք որեւէ քայլ   չձեռնարկեցինք Քեսապի իրադարձութիւններէն ետք, երբ առկայ էին փաստեր,   որ  ահաբեկիչները ներխուժած էին   ԵԽ անդամ  Թուրքիոյ տարածքէն:    Ինչպէ՞ս եղաւ,
որ նոյն կազմակերպութեան անդամներուն սկսանք կոչել «ահաբեկիչներ», այն  պարագային, որ Եւրոպան անոնց տեւական ժամանակ կ’անուանէր «ապստամբներ»:

Այնուամենայնիւ, ողջունելի է, որ ԵԽԽՎ-ն քայլեր ձեռնարկած է վերջապէս, եւ մենք   կոչ   կ’ընենք   Վեհաժողովին միանալու    միջազգային    հանրութեան    ջանքերուն`  ուղղուած այս քաղաքակիրթ  աշխարհին սպառնացող այս չարիքի վերացման եւ ատոր հովանաւորութեան ճանապարհները արմատախիլ ընելուն»:

Scroll Up