Արժանթինի Մէջ Պիտի Մեկնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Մէկամեայ Արշաւը
Արժանթինի մէջ հայ համայնքն արդէն ձեւաւորած է համայնքային յանձնաժողով, որուն որոշմամբ եւ նախաձեռնութեամբ ալ տեղի պիտի ունենան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ձեռնարկները: Տեղի պիտի ունենան քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ ակադեմական ուղղուածութեամբ ձեռնարկներ:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Պուէնոս Այրէսի Սան Անտրեսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆէսոր Խաչիկ Տէր– Ղուկասեան կը շեշտէ, որ ձեռնարկներու նպատակն է քարոզչական լայն արշաւ նախաձեռնել ամբողջ տարուան ընթացքին հարցին հանրային հնչեղութիւն տալու համար` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ 2015թ. Արժանթինի մէջ պիտի կայանայ նախագահական ընտրութիւն:
«Համայնքային կազմակերպութիւնները, կեդրոնական ձեռնարկներէն բացի, ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն երկրի այլ հայաշատ քաղաքներուն մէջ: Արժանթինի հայ համայնքը կեդրոնական յանձնաժողովին առաջարկած է ձեռնարկներուն մէջ ներառել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին նախագահներ Ռաուլ Ալֆոնսինի եւ Նեսթոր Քիրչների անունով յուշատախտակներ զետեղելը` իբրեւ շնորհակալութիւն առաջինին` 1987թ. Ցեղասպանութիւնը հրապարակային կերպով ճանչնալուն, իսկ երկրորդին` 2006թ Արժանթինի խորհրդարանի ներկայացուցած ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքն ընդունելու համար: Առաջարկն ընդունուած է, հետեւաբար մենք ջանք պիտի թափենք եւ մեր նպատակն է, որ Արժանթինի պատուիրակութիւնը մասնակցի 100-րդ տարելիցի պաշտօնական նախաձեռնութիւններուն»,- ըսաւ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան:
Արժանթինի հայ համայնքը ուշադիր պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իրականացուցած ժխտողականութեան փորձերուն եւ պիտի փորձէ հակազդել անոնց: Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի փոխանցմամբ արժանթինցի հասարակութիւնը ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան, կը դատապարտէ եւ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքը: Հէնց ատիկա է պատճառը, որ վերջին շրջանին խիստ աշխուժացած է թուրք-ատրպէյճանական քարոզչութիւնը: «Պաքուի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք կը կատարէ Խօջալուն իբրեւ «Ցեղասպանութիւն» ճանչնալու ուղղութեամբ: Այս հարցի առնչութեամբ Ատրպէյճանը աշխուժ քարոզչութիւն կը ծաւալէ հասարակական եւ քաղաքական ծիրին մէջ: Հետեւաբար, թէ իբրեւ համայնք, թէ իբրեւ պետութիւն պէտք է անընդհատ աշխատինք, այլապէս անոնց դրամն ու աշխատանքային ներդրումը կրնան լուրջ հարուած հասցնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցով մեր կատարած ջանքերուն»,- ըսաւ Խաչիկ Տէր- Ղուկասեան:
Անոր խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկը պիտի ըլլայ Պուէնոս Այրէսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գործարկումը: Դեռեւս յստակ չէ, թէ շինարարութիւնը երբ կ’աւարտէ, սակայն նպատակն է, որ ոչ միայն կառոյցը պատրաստ ըլլայ 2015թ, այլեւ կազմակերպուի առաջին ցուցադրութիւնը:
Անդրադառնալով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին 2015թ. Ապրիլ 24-ին Երեւան հրաւիրելու նախաձեռնութեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան այն գնահատեց յանդուգն մարտահրաւէր եւ խելացի պատասխան Ապրիլին Էրտողանի արտայայտած «ցաւակցութեանը», ինչ որ, փաստօրէն, Ցեղասպանութեան «մեղմ» ժխտողականութեան նորագոյն մարտավարութիւնն է` ուղղուած յատկապէս միջազգային հանրային կարծիքին: