ՀՀ Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ ԱՄՆ-ի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/0118.jpg)
Սեպտեմբեր 26, 2014, Ուրբաթ կէսօրին Ամերիկայի Հայոց Բարեխնամ առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի հրաւէրով եւ Առաջնորդարանի Հայ Օգնութեան Ֆոնտի կազմակերպութեամբ 100 ամերիկահայ ազգային ղեկավաներ ընթացք տալով հրաւէրին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթ-հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ առաջնորդանիստ Նիւ Եորքի «Գավուքճեան» հանդիսասրահին մէջ։ Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին կը յայտնէ մեր գործընկեր Յակոբ Վարդիվառեան։
Աղբիւրին համաձայն, նախագահը իր իր շքախումբով ներկայ գտնուեցաւ հաւաքին, որուն կը մասնակցէին արտգործ նախարար Էտուըրտ Նալպանտեան, աշխատակազմի տնօրէն Վիգէն Սարգիսեան, ՀՀ Ուաշինկթընի մէջ դեսպան Տիգրան Սարգիսեան եւ ՄԱԿի ՀՀ հաւատարմատար դեսպան Զօհրապ Մնացականեան եւ դեսպանատուներու եւ նախագահին ուղեկցող պաշտօնատարերու։
Խաժակ Սրբազան բարձրօրէն գնահատեց ՀՀ նախագահի ՄԱԿ-ի նստաշրջանին արտասանուած ելոյթը, ուր ամբողջական հայութեան հարցերն էին որ կը ներկայացուէին իր հայրենական, արցախեան ու սփիւռքեան երեսներով։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքը կեդրոնացուց քանի մը երեսներու վրայ։ Հայրենիքին ապահովութեան համար հայ բանակայիններու հայրենասիրական գործը վեր առաւ հպարտութեամբ, ան նշեց թէ ռազմականօրէն շատ աւելի գերիվեր է հայկական զինծառայողներու մարտունակութիւնը քան թշնամիինը, ինչպէս նաեւ` գնահատականը ըրաւ ռազմական գործողութիւններու համար ունենալով աւելի գերակշիռ զէնք ու հրասայլ եւ այլ զինուորական զինամթերք։ ՀՀ նախագահը նաեւ առարկայական համեմատութիւն ըրաւ՝ հայոց բանակի եւ Ատրպէյճանի զինուորական ուժին միջեւ՝ ներկաներուն փոխանցելով մեր բանակին ուժականութիւնը։
Տնտեսական-քաղաքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս ՀՀ նախագահը յայտարարեց, որ մինչեւ տարեվերջ լրումին պիտի հասնի Եւրո-ասիական համաձայնագիրը եւ Հայաստան պիտի միանայ այդ համախմբումին։
Տնտեսական աճի մասին խօսելով ՀՀ նախագահը յայտնեց, որ Սեպտեմբեր 2014-ի տուեալներով երբեւիցէ Հայաստանը այսքա´ն բարգաւաճ չէ եղած իր պատմութեան ընթացքին։ Միջին աշխատավարձք իբրեւ այսօր այդ կը գնահատուի աւելի քան 400 տոլար ամսական, ինչ որ մեծ յաւելում է բախտատած նախորդ տարիներու։ Նոր գիտարուեստին անդրադառնալով ան ըսաւ թէ տարուէ-տարի Հայաստանի գիտութիւնը անհամեմատօրէն կը յառաջդիմի։ Այս առթիւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքահայ բարերարներուն, որոնք այս բնագաւառէն ներս օգտակար կ’ըլլան հայրենիքին։
ՀՀ նախագահը դատապարտեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ռմբահարումը եւ ըսաւ թէ Հայաստանն ու Սփիւռքը կը պատրաստուին յիշատակել Ցեղասպանութեան դարադարձը մեծ միջոցառումներով ու աննախընթաց յայտագիրներով։
Առաջնորդարանի կողմէ յիշատակի նուէր յանձնուեցաւ պարոն նախագահին։
Ներկաներուն մէջ մեծ էր թիւը ամերիկահայ երիտասարդ գործիչներուն, ինչպէս նաեւ` նոր ճարտարարուեստականներուն, որոնք միացած ամերիկահայ դասական մեր կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն եւ ազգային բարերարներուն կը ներկայանային ապագայի մը յուսադրիչ պատկերով։