Վառնայի Ս. Սարգիս Եկեղեցին Նշեց իր Հիմնադրութեան 170-ամեակը
Սեպտեմբեր 28-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին մեծ շուքով նշուեցաւ Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ օծման 170-ամեակը: Տօնական պատարագ մատուցեց Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Բարթուղիմէոս քահանայ Յակոբեան:
Սուրբ Պատարագէն ետք Տէր հօր հանդիսապետութեամբ սարգաւագներէն ու դպիրներէն կազմուած եկեղեցական թափօրը սկիզբ առաւ բակէն, ուր Տէր Հայրը Սուրբ Խաչով ու Աւետարանով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները, ապա իր հոգեւոր պատգամը ուղղեց ներկաներուն: Այս մասին կը յայտնէ Պուլկարիոյ “Կանթեղ Արարատեան”
Տէր Հայրը շնորհաւորեց ներկաները՝ եկեղեցւոյ 170-ամեակի առիթով եւ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի Աստուծոյ կողմէն իբրեւ քրիստոնեայ ազգ ընտրուած ըլլալու եւ միշտ Աստուծոյ օգնութիւնը վայելող ազգ ըլլալու մասին եւ մասնաւորապէս նշեց. «170 տարի առաջ ալ այս քաղաքի մէջ ապրող հայերը զգացին, որ իրենք Աստուծոյ ժառանգութիւնը կրող մարդիկ են եւ Աստուծոյ օգնութեամբ կրցան կառուցել այս եկեղեցին»: