Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 23-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ Պարսելոնայի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան, Շաբաթ 27 Սեպտեմբերին Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին:

Պարսելոնայի «Սենթր Քաթօլիք տէ Սանթց» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սոյն ձեռնարկը,-«Հայէրն այսօր»-ին կը գըրէ ՏաթեւՍուլեան Պարսելոնայէն:

Հանդիսութեան մասնակցութիւն բերին Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան «Հայորդիք» պարի համոյթը, երգչուհի Աստղիկ Սաֆարեանը եւ Դուդակահար Անդրանիկ Մուրատեանը:

ՀՀ Անկախութեան տօնը ողջունեցին եւ շնորհաւորեցին «Էսենսիա էլ Փերօտէ պատերնայ» Սպանական եւ «Գերգիօվդեն» Պուլկարական պարի համոյթները:

Միութեան անունով ներկաներուն առջեւ ելոյթ ունեցաւ Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան անդամ ՏաթեւՍուլեան: Իր Խօսքին մէջ ան շնորհաւորեց ներկաներուն ու կոչ ըրաւ որ պահպանեն ու տարածեն հայ մշակոյթը, ըլլան հայախօս ու հայրենասէր:

Իր օրհնութիւնն ու սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հայրապետական Պատուիրակի Ընդհանուր Փոխանորդ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան:

Իր խօսքին մէջ ան օրհնեց ու շնորհաւորեց ներկաները, կոչ ըրաւ որ Պարսելոնահայութիւնը կառչած մնայ Հայ եկեղեցւոյ ու հայկական միութիւններուն: Աւարտին ան շնորհակալութիւն հայտնեց Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան որ իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպէ:

Պաշտօնական ելոյթներէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր ուր ներկաները դիտեցին փունջ մը հայկական, սպանական ու պուլկարական պարերու, ունկնդրեցին երգչուհի ԱստղիկՍաֆարեանին ու Դուդակահար Անդանրկ Մուրատեանին:

Scroll Up