Արցախի Մէջ Մեծ Շուքով Կը Նշուի Ստեփանակերտի Օրը

Ստեփանակերտի օրուան տօնական ձեռնարկներու շարքը այսօր սկիզբ  առած է առաւօտ կանուխէն:

Առաւօտեան սկսած է նաեւ մարդոց հոսքը դէպի քաղաքի կեդրոնին մէջ վեր խոյացող Ստեփան Շահումեանի յուշարձան, որուն պատուանդանին ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ դրուեցան:

«Արցախփրէս»-ի հաղորդմամբ` ծաղկեպսակի եւ ծաղիկներու տեղադրման արարողութենէն ետք  ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԱԺ պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ տօնի առիթով Արցախ ժամանած Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները շրջայց կատարեցին Ստեփան Շահումեանի անուան օղակաձեւ պուրակին մէջ եւ Վերածնունդի հրապարակին վրայ ` ականատես ըլլալով տօնի առիթով իրականացուող մարզամշակութային ձեռնարկներուն:

Նշենք նաեւ, որ այսօր համանման ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան նաեւ Ստեփանակերտի այլ հատուածներու մէջ, իսկ երեկոյեան մայրաքաղաքի կեդրոնական` վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ եւ  շքեղ հրավառութիւն:

Scroll Up