Լիբանանի Մէջ Սուրբ Էջմիածինի Կրօնասէր Տիկնաց Միութեան Փոխատենապետ Անահիտ Տանձիկեան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Սեպտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրբ Էջմիածինի կրօնասէր տիկնաց միութեան փոխատենապետ, ՀԲԸՄ տիկնաց «Սինէլֆիլ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեանի` որպէս Սուրբ Էջմիածինի կրօնասէր տիկնաց միութեան փոխատենապետ մասնակցութիւնը, որ համայնքէն ներս հաւաքներ կը կազմակերպէ` աջակցելով հայ երիտասարդներու կրօնական, կրթական, դաստիարակչական գործի կազմակերպման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` «Հայրենիք-Սփիւռք» 5-րդ համահայկական համաժողովը բարձր կազմակերպուածութեամբ իրականացնելու համար` Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեան նշեց, որ համաժողովը ակնյայտօրէն նպաստած է Հայրենիք-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք կապերու մերձեցման, նորանոր ծանօթութիւններու ձեռքբերման:
Քննարկուեցան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու մերձեցման, համայնքին մէջ հայապահպանութեան կազմակերպման վերաբերող հարցեր: