Դեսպան Յովհաննիսեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Գոսթա Ռիքայի Նախագահին

Սեպտեմբեր 19-ին Գոսթա Ռիքայի մէջ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան (նստավայրը` Մեքսիքօ) իր հաւատարմագիրները յանձնեց Գոսթա Ռիքայի նախագահ Լուիս Կիլյերմօ Սօլիսին:
Հաւատարմագիրներու յանձման արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ առանձնազրոյց, որուն ընթացքին դեսպան Յովհաննիսեան Գոսթա Ռիքայի նախագահին եւ ժողովուրդին փոխանցեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները:
Իր հերթին Նախագահ Սօլիսը, գոհունակութիւն յայտնելով Գոսթա Ռիքայի մէջ առաջին անգամ Հայաստանի դեսպանի հաւատարմագրման փաստի վերաբերեալ, դեսպան Յովհաննիսեանին մաղթեց յաջողութիւն յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ այն խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար: Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ փոխգործակցութեան հեռանկարները, մասնաւորապէս` տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ:
Նախօրէին դեսպան Յովհաննիսեան իր հաւատարմագիրներու պատճէնները յանձնեց Գոսթա Ռիքայի Արտաքին գործոց եւ պաշտամունքի նախարարի տեղակալ Ալեխանտրօ Սօլանօ Օրտիսին: Արարողութենէն ետք տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին փոխնախարարը ընդգծեց, որ ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի` 2012թ. աշնան կայացած այցը եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները նոր եռանդ հաղորդեցին երկկողմ յարաբերութիւններուն: