«Հայ Երգի Օր»-ը Դարձաւ «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Հանդիսաւոր Աւարտը
Սեպտեմբեր 25-ին ժամը 19.00-ին Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ «Հայ երգի օր» խորագիր ձեռնարկով տեղի ունեցաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի հանդիսաւոր փակումը:
Ձեռնարկը նուիրուած էր ժամանակակից հայկական դասական երաժշութեան հիմնադիր Կոմիտասի 145-ամեայ յոբելեանին:
Երեկոյի ընթացքին հնչեցին տարբեր ժանրերու կոմիտասեան ստեղծագործութիւններ, փոքրիկ ակնարկ կատարուեցաւ Կոմիտասի կեանքին, թողած ժառանգութեան, ներկայացուեցան հատուածներ հայ մշակոյթին վերաբերող անոր խօսքերէն:
Ձեռնարկը սկսաւ Վանուշ Խանամիրեանի անուան «Բարտիներ» պարախումբի ելոյթով: Համերգային ծրագիրին ելոյթ ունեցան Լոս Անճելըսի համալսարանի փրոֆսոր, երգչուհի Մարգարիտ Շահինեանը Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆէսոր Սամուէլ Գալստեանը:
Կոմիտասեան երգերու եւ միւս հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններու կատարումներով հանդէս եկան փառատօնի միւս մասնակիցները` Լիբանանէն ` Շողիկ Թորոսեան եւ Աւետիս Մելքոն, Թուրքիայէն` Արթուր Բաղդասարեան, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի «Մարգարիտներ» աւանդական երգի-պարի խումբը, «Զուարթնոց» քառեակը, Արարատեան հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» համախումբը եւ ուրիշներ:
Երեկոն վարեց ՀՀ վաստակաոր արուեստագէտ Սարգիս Նաջարեանը:
Երեկոյի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան ձեռնարկի բոլոր մասնակիցները:
Ձեռնարկը ամփոփեց ՀՀ սփիւքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը նշեց, որ Կոմիտասը` հայ երգի Մեսրոպ Մաշտոցդ երգով վերծանեց հայու ոգին, խորապէս ուսումնասիրեց իր նախորդներու ներդրումը հայ երաժշտութեան զարգացման մէջ եւ ստեղծեց նոր ազգային երաժշտական դպրոց` ամբողջ աշխարհին ապացուցելով, որ հայն ունի ինքնուրոյն երաժշտութիւն:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր մենք կ’աւարտենք Յուլիս ամսից մինչ օրս ձգուող մշակութային միջոցառումների շարքը: Պարարուեստի, երգչախմբային արուեստի օրերի եւ տուտուկի փառատօնի շրջանակներում մենք հնարաւորութիւն ունեցանք վայելելու Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեր տաղանդաւոր հայրենակիցների կատարումները:
Այսօր էլ, ձեր շնորհիւ, մենք վայելեցինք հայ երգի հրաշալի մեղեդիներ: Կրկին համոզուեցինք, որ մեր ազգային երաժշտութեան մէջ ամփոփուած է հայկական ջերմ ու հարազատ աշխարհը, որը հոգեւոր կենսաւիշ է ներարկում Սփիւռքում ապրող, մեր հայրենակիցներին եւ դառնում ամուր պատնէշ` ընդդէմ օտար անբարենպաստ ազդեցութիւնների»:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի բոլոր մասնակիցներուն, մաղթեց ստեղծագործական նոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ, յոյս յայտնեց, որ բոլոր մասնակիցները պիտի գործեն առաւել աշխոյժ եւ պիտի դառնան հայապահպանութեան երաշխաւորներ:
Յիշեցնենք, որ արդէն երկրորդ անգամ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն էր «Օրանժ-Արմէնիա» ընկերութիւնը, հովանաւորն էր նաեւ «Տաշիր Գրուպ» ընկերութիւնը: Տեղեկատուական աջակցութիւնը ապահոված էին Հայաստանի հանրային, «Շանթ», «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութիւնները եւ Հայաստանի հանրային ռատիօն: