Երեւանի Մէջ Նշուած Է Մուշեղ Իշխանի 100-ամեակը (տեսանիւթ)
Մուշեղ Իշխանի 100-ամեակը պէտք է Հայաստանի մէջ անոր ստեղծագործութիւնները դարձեալ տպագրելու առիթ դառնայ, որպէսզի նոր սերունդը աւելի լաւ ճանչնայ բանաստեղծը:
Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտօնեան այս մասին խօսած է բանաստեղծի 100-ամեակին նուիրուած ցերեկոյթին ժամանակ:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ուղերձը փոխանցած է փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, որ նկատած է, որ բանաստեղծի «Տուներու երգը», «Հայաստան», «Կեանք ու երազ», «Տառապանք» եւ այլ ժողովածուներն ու բանաստեղծութիւնները տոգորուած են նուրբ քնարականութեամբ, խոհականութեամբ: Մուշեղ Իշխան ծնած է 1914 թուականին: Ցեղասպանութեան օրերուն ընտանիքով աքսորուած է Տէր Զօր:
1928-ին աւարտած է Դամասկոսի Հայոց ազգային վարժարանը, 1941-1951-ին խմբագրած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը, հայ գրականութիւն դասաւանդած է Պէյրութի Հայ ճեմարանին մէջ, ուր երկար տարիներ կատարած է նաեւ տնօրէնի տեղակալի պարտականութիւնները: Ճեմարանին մէջ Մուշեղ Իշխան աշխատած է մինչեւ իր կեանքի վերջին տարին` 1990 թուականը:
Ամբողջական յօդուածը կրնաք կարդալ www.yerkirmedia.am կայքին մէջ: