Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Եւս Դատապարտած Է Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Ռմբակոծումը

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը միանայ Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին` խստիւ դատապարտելով Սուրիոյ Տէր  Զօր քաղաքի  հայկական եկեղեցւոյ աւերումը:

Այս անմիտ աւերածութիւնը կրկին կը փաստէ ԻԼԻՊ ահաբեկչական կազմակերպութեան  բացարձակ արհամարհանքը Միջին Արեւելքի հարուստ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ:

Ինչպէս պետական քարտուղար Քերրին նշած է, ԻԼԻՊ-ը համակարգուած կերպով թոյլ  տուած է  մարդու իրաւունքներու ու միջազգային իրաւունքի խախտումներ եւ կը հանդիսանայ համաշխարհային ահաբեկչական սպառնալիք: Այս սպառնալիքին դիմակայելու համար Միացեալ Նահանգները կոչ կ’ուղղէ միջազգային  հանրութեան ամրապնդելու միասնական ջանքերը` կազմալուծելու ու վերացնելու ԻԼԻՊ-ը, կ’ըսուի Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Scroll Up