Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ականահարումը Վրդոված Է ԱՄՆ Քոնկրէսականները

«Իրաքի եւ Լեւանտի իսլամական պետութիւն» խմբաւորման գրոհայիններու կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու մասունքները ամփոփող` Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումը յառաջացուցած է ԱՄՆ քոնկրէսականներու զայրոյթը, որոնք առանձին յայտարարութիւններով եւ սոցիալական մետիայի միջոցով խստօրէն դատարապարտած են այդ վայրագութիւնները:

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով «Ասպարէզ» պարբերականը, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրանք Փալոնէ սեպտեմբեր 23-ին յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգութեան յիշատակը յաւերժացնող եկեղեցւոյ աւերումը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան խիստ արձագանքին: «Ես խորապէս վշտացած եւ վրդովուած եմ Տէր Զօրի` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած եկեղեցւոյ աւերումով:

Այս եկեղեցին կանգնեցուած է ոգեկոչելու եւ յարգելու դէպի Տէր Զօր աքսորի ժամանակ զոհուած հարիւր հազարաւոր հայերու յիշատակը:

20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ժամանակ օսմանեան թուրքերու հրամանով հայ փախստականները քշուած են դէպի Տէր Զօր` այնտեղ ոչնչացուելու համար: Պատմութեան այս սարսափելի դրուագը յաւերժացնող եկեղեցւոյ աւերումը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան խիստ արձագանքին»,- յայտարարած է Փալոնէ:

Անոր խօսքով` Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ միջազգային միւս գործընկերները պէտք է միասնաբար աշխատին պաշտպանելու մերձաւոր Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւնները` երաշխաւորելով, որ քրիստոնեայ հայերը այլեւս չեն յայտնուիր նման չարաբաստիկ գործողութիւններու թիրախին մէջ:

«Քանի որ կը մօտենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը, մենք պէտք է յիշենք մեր պարտքը` կանխելու նպատակաուղղուած գործողութիւնները աշխարհի բոլոր հայերու դէմ եւ յետագայ ցանկացած բռնութիւն»,- աւելցուցած է Փալոնէն:
ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճիմ Գոստան Թուիթերի իր էջին վրայ նշած է. «Խստօրէն կը դատապարտեմ ԻԼԻՊ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի պղծումը Սուրիոյ մէջ»:

Քոնկրէսական Ատամ Շիֆն իր հերթին յայտարարած է, որ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը Սուրիոյ մէջ եւս մէկ ապացոյց է իրաքի եւ Սուրիոյ միլիոնաւոր բնակիչներուն ահաբեկող զազրելի բարբարոսութեան: «Մենք պէտք է աջակցինք միջազգային միութեան, որ ներկայիս կը պայքարի օգնելու Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներուն ձերբազատուելու այս քաղցկեղէն»,- ըսած է ան:

Սեպտեմբեր 21-ին` ժամը 11.30-ին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու մասունքները ամփոփող` Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայթեցումը Թուիթերի վրայ խստօրէն դատապարտած է նաեւ քոնկրէսական Սենտի Լեւինը:

Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այնտեղ  ամփոփուած են Մեծ Եղեռնի բազմաթիւ նահատակներու մասունքները: Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի բացումն ու Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը տեղի  ունեցած է  1991-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ կաթողիկոսի ձեռամբ, իսկ 2002 թուականի ապրիլի 24-ին Արամ Ա կաթողիկոսին կողմէ այն հռչակուած է համազգային ուխտատեղի:

Scroll Up