Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներ Քանատայի մէջ
Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ Սեպտեմբեր 22-ին տեղի ունեցած է ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Ընդունելութեան մասնակցած են Գանատայի աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու եւ բազմամշակութայնութեան հարցերով նախարար Ճէյսըն Քէննին, Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Հարըլտ Ալպրեխդը, գանատական խորհրդարանի պատգամաւորներ, դիւանագիտական բաժնի, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, հայ համայնքի անդամներ: Ընդունելութեան ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած է Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եկանեանը, որ անդրադարձած է հայ-գանատական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն, տեղի ունեցած բարձրաստիճան փոխայցելութիւններուն, տնտեսական կապերու ամրապնդման:
Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկած են նախարար Ճէյսըն Քէննին, որ անդրադարձած է Հայաստան այցելութենէն իր ունեցած տպաւորութիւններուն, եւ բարեկամութեան խումբի նախագահ Հարըլտ Ալպրեխդը, որ ներկայացուցած է հայ-գանատական երկկողմ յարաբերութիւնները: ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցած են նաեւ գանատայի Մոնրէալ եւ Թորոնթօ քաղաքներուն մէջ: