Հայ Առեւտրաարդիւնաբերական Պալատներու Եւ Գործարարներու Միութիւններու Ներկայացուցիչները` ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Սեպտեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  Հայրենիք-Սփիւռք 5-րդ համաժողովին մասնակից Հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու ներկայացուցիչները` Քանատա-Հայաստան գործարարներու խորհուրդի նախագահ Վահրամ Փիրճանեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ներկայ էին Աւստրալիոյ մէջ Հայկական առեւտրի պալատի Նախագահ Ռիթա Լեփեճեան, Հայ-իրանական առեւտրի պալատի նախագահ Լեւոն Ահարոնեան, Հայ-ռումանական առեւտրա­արդիւնաբերական ընկերակցութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, Լիբանան-Հայաստան առեւտրաարդիւնաբերական պալատի փոխատենապետ Հրայր Տանձիկեան, Լիբանան-Հայաստան առեւտրաարդիւնաբերական պալատի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Գրիգոր Պայասալեան, լիբանանահայ գործարար, Հայ ոսկերիչներու միութեան (AJA)  հիմնադիր անդամ Նազարէթ Սապունճեան եւ Հայաստանի գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան:

Վահրամ Փիրճանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Հայրենիք-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:

Քննարկուեցան Հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու յետագայ ընելիքներուն վերաբերող հարցեր: Որոշուեցաւ, որ Հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու ներկայացուցիչներու յաջորդ համաժողովը պիտի գումարուի 2015թ. Մայիս 9-ին` Շուշիի ազատագրման օրը: Համաժողովի աշխատանքները պիտի մեկնարկեն Արցախի մէջ, այնուհետեւ  պիտի շարունակուին Երեւանի մէջ:

Scroll Up