Դեսպան Գասպարեան Արժանացաւ Պուխարեստ Քաղաքի Պատուոգիրին
Սեպտեմբեր 18-ին Պուխարեստի գլխաւոր քաղաքապետ Սորին Միրչա Օփրեսկուն, քաղաքի հիմնադրման 555-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ծիրէն ներս, պատուոգիր յանձնեց Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեանին` Պուխարեստի համայնքային կեանքի եւ միջազգային կապերու զարգացման նպաստելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Պատուոգիրի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Ռումանիոյ վարչապետ Վիքթոր Փոնտան, կառավարութեան անդամներ, արտասահմանեան պատուիրակութիւններ, մտաւորականութեան եւ հանրային ոլորտի ներկայացուցիչներ:
Պուխարեստի հիմնադրման 555-ամեակի տօնակատարութիւններուն արտասահմանեան ութ այլ պատուիրակութիւններու շարքին էին նաեւ Երեւան քաղաքի պատուիրակութիւնը` քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանի գլխաւորութեամբ: