Հայաստանի Անկախութեան Տօնակատարութիւն Հալէպի Մէջ
Հակառակ տիրող անապահով վիճակին եւ Սեպտեմբեր 20-ին Նոր Գիւղի «Սիս» բնակարանային համալիրին ետեւի թաղամասի մէջ կազի տակառի մը պայթումին, Սեպտեմբեր 21-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ զանգերը աւելի ուժգնութեամբ հնչեցին եւ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` Հովանաւորութեամբ ու հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Օգնական` Գերապատիւ Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանի, մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին հոգեւորականաց դասը հանդիսաւոր կերպով ընթերցեց Հ.Հ. Անկախութեան 23-րդ ամեակին նուիրուած Դրօշի օրհնութեան եւ փառաբանութեան աղօթքները: Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Ներկայ հաւատացեալները հոգեպարար արարողութեան հրաշալի երգեցողութեան ընկերակցութեամբ երկուղածութեամբ ողջունեցին տօնի նշումը եւ աղօթեցին Զոյգ Հայրենիքներու` Հայաստանի եւ Սուրիոյ Խաղաղութեան ու բարօրութեան համար: