«Մենք սուրիահայ գաղութի մէջ յոյսի նշոյլներ ունինք …». Զարմիկ Պօղիկեան

 “Հայերն Այսօր”-ի լրագրող Լուսինէ Աբրահեամեան զրուցած է Գանձասարի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանին հետ

Հ.- Դուք մի քանի ամիս առաջ ստանձնած էք «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը: Սուրիոյ, սուրիահայերու համար շատ պատասխանատու ժամանակաշրջանի մէջ, եւ անկախ բոլոր դժուարութիւններուն լրատուամիջոցը կը շարունակէ հրատարակուիլ: Կ’ուզէի խօսիք յատկապէս վերջին շրջանին «Գանձասարի» կատարած աշխատանքներուն մասին:

Պ- «Գանձասարը» Բերիոյ Հայոց թեմի պաշտօնաթերթն է, Սուրիոյ մէջ լոյս տեսնող միակ հայերէն թերթը: 16 էջէ բաղկացած պաշտօնաթերթը կը բովանդակէ ազգային, քաղաքակական, տեղական, արաբական, հայրենական եւ Սփիւռքին առնչուող լուրեր, մեր ազգային հարցերուն առնչուող յօդուածներ, ունի նաեւ զանազան էջեր` մարզական, գրական, «Կկու» մանկապատանեկան բաժինը:

Ես եօթ ամիս է, որ ստանձնած եմ թերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը: Թերթը, հակառակ Սուրիոյ տագնապալի վիճակին, անխափան կերպով կը շարունակէ հրատարակուիլ տպագիր օրինակով, համացանցային եւ ֆէյսպուքեան տարբերակներով: Հալէպի մէջ պետական թերթերն անգամ այս օրերուն չեն հրատարակուիր, միայն ելեկտրոնային տարբերակով լոյս կը տեսնեն: Իսկ «Գանձասարը» շարունակեց, շարունակեց շնորհիւ մեր մտաւորականներուն, որոնք մնայուն ձեւով կ’աշխատակցին, շնորհիւ պատկան մարմնի, որ անտեսելով նիւթական բոլոր դժուարութիւնները, նեցուկ կանգնեցաւ թերթին: Իսկ դժուարութիւնները շատ են. համացանցի, ելեկտրական հոսանքի մնայուն անջատումներ, թուղթի հայթայթման հետ կապուած դժուարութիւններ:

Իմ գլխաւոր նպատակս էր, որ այս շրջանին «Գանձասար»-ը դառնայ սուրիահայ տագնապը արտացոլողը, աղբիւրը: Ունինք մնայուն յօդուածներ, որոնք Սուիոյ տագնապի մասին օրագրութիւններ են, լրատուական նիւթեր, մեր առօրեայի հետ կապուած քննադատական յօդուածներ, կ’արտացոլեն հայրենիքի մէջ սուրիահայերու օժանդակութեան հետ տարուող աշխատանքներ, Սփիւռքի համահայկական կառոյցներու աշխատանքը:

«Գանձասարի» տպաքանակը մինչեւ Սուրիոյ տագնապը 1200 օրինակ էր, հիմա` 500-է, որ շաբաթական դրութեամբ կը սպառի, որովհետեւ մարդիկ անպայման կը ցանկան մէկական օրինակ ունենալ: Նախ, որովհետեւ միակ հայերէն թերթն է եւ մայրենի լեզուով թերթ կարդալու հաճոյքն կ’ուզում ապրիլ: Անոնց համար հաւաստի աղբիւր է, որտեղ կը գտնեն թէ՛ տեղական, թէ՛ հայրենական, թէ՛ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու հետ կապուած լուրեր: Բայց, դժբախտաբար, տպագիր օրինակը միայն Հալէպի մէջ կրնանք բաժանել:

Հ- Ըսիք, որ «Գանձասար»-ը կ’արտացոլէ սուրիահայ կեանքը: Դժբախտաբար, մենք ունենինք զոհեր, աւերածութիւններ, դպրոցներ, եկեղեցիներ կը փակուին: Կարծեմ` հեշտ չէ այդ բոլորին անդրադառնալը:

Պ- Այո, Հալէպի մէջ այսօր աղէտալի վիճակ է, բայց մենք պարտաւոր ենք իրապաշտ ըլլալու, եղելութիւնը հաղորդել ընթերցողներուն: Կը ներկայացնենք զոհերու, վիրաւորներու, աղէտներու, պայթիւններու, եկեղեցիներու հրակիզման մասին լուրեր, Քեսապի ներխուժման ընթացքին լոյս տեսաւ բոլոր դէպքերու ժամանակագրութիւնը:

Այս բոլորի կողքին պէտք է ժողովրդին ապրելու յոյս ներշնչել, որպէսզի կարենայ այս դժուարութիւնները յաղթահարել, նուազագոյն կաշկանդուածութեամբ դուրս ելլէ այս վիճակէն: Քաղաքական, վերլուծական լուրերու կողքին մենք լոյս կ’ընծայենք գաղութի մշակութային աշխոյժ առօրեան լուսաբանող նիւթեր: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններու, մշակութային, կրօնական ձեռնարկներ կ’իրականացուին: Յատուկ բաժին ունինք` «Նկարը կը խօսի», հալեպահայ քանդակագործ Վարդգէս Բարսումեանը կը փորձէ մեր առօրեայ տագնապները ծաղրանկարներու միջոցով ներկայացնել, քիչ մը ժպիտ մտցնելու մեր կեանքի մէջ, որպէսզի մարդիկ աւելի թեթեւ տանին այս բոլոր դժուարութիւնները:

Հ- Դուք նոր եկած էք Հալէպէն: Հալէպի մէջ կեանքը այսօր երկու երես ունի: Մէկ կողմէն պատերազմ է, իսկ միւս կողմէն, յաղթահարելով, անտեսելով բոլոր դժուարութիւնները, կեանքը կը շարունակուի: Ինչի՞ շնորհիւ:

Պ- Բարեբախտաբար, Հալէպը միշտ կազմակերպուած գաղութ եղած է: Այս տագնապի ընթացքին մեր համայնքապետերու, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով համայնքը կրցաւ պահել իր կենսունակութիւնը: Եթէ տագնապի պահուն մարդոց ձեռք չմեկնես, եթէ մեր համայնքապետերը, ազգային իշխանութիւնները մարդոց զգացնել չտան, որ իրենց կողքին են, անոնք շատ դիւրութեամբ պիտի յուսահատին, պիտի բարոյալքուին, անկումի պիտի մատնուին: Հալէպի մէջ շատ ծանր պայմաններ են, տնտեսական, կենցաղային շարք մը դժուարութիւններ կան, երբեմն մարդիկ իրենց հարազատները կը կորսնցնեն, դժբախտաբար, զոհեր կու տանք: Այս բոլորի մէջ, սակայն, մենք ունինք յոյսի նշոյլներ գաղութի մէջ: Ունինք Սուրիահայերու շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինը, որ ստեղծուած է 2012 թուականին: Այդ մարմինը կը կրէ երեք հովուապետերու հովանաւորութիւնը, կազմակերպութիւններ, բարեսիրական միութիւններ անոր մաս կը կազմեն: Բոլորը կ’աշխատին օգնելու համար տագնապի մէջ ապրող սուրիահայերուն:

Այս բոլորի կողքին մեր մշակութային միութիւնները, դպրոցները տակաւին կը գործեն, կ’աշխատին հնարաւորինս բնականոն ընթացքի մէջ պահել աշխատանքները, հակառակ շատ ծանր պայմաններուն: Պատկերացուցէք, մեր վարժարանները, որոնք կը գտնուէին Նոր Գիւղ թաղամասի մէջ, իսկ այնտեղ մենք ունինք 4 ազգային վարժարան, այսօր բոլորը մէկ կառոյցի մէջ տեղափոխուած են, առաւել ապահով շրջան: Եւ դժուար պայմաններու մէջ կը շարունակեն գործել: Նոյնն է մշակութային ձեռնարկներու պարագային: Նախապէս Հայաստանէն արուեստագէտներ կու գային, աւելի աշխոյժ էին յարաբերութիւնները: Այսօր միութիւնները կը փորձեն տեղական ուժերու ջանքներով գործել եւ յոյս ներշնչել մարդոց:

Եւ, բարեբախտաբար, կեանքը Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի, թէեւ ապահովական, տնտեսական առումով բաւականին դժուարութիւններ կան: Վերջին շրջանին ապահովական առումով աւելի սաստկացած է դժուարութուններու տարողութիւնը, որովհետեւ զինեալ ծայրայեղ խմբաւորումները, որոնք ներխուժած են Հալէպ, անընդհատ թիրախ կը դարձնեն քրիստոնէական թաղամասերը: Եւ մենք, դժբախտաբար, կ’ունենանք մարդկային զոհեր, որոնք որեւէ առնչութիւն չունին այս տագնապի հետ: Ապահովական վիճակը, կենցաղային դժուարութիւնները պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ ստիպուած լքեն քաղաքը: Երբեմն անորոշութեան կը մատնուին, չեն գիտեր` մեկնին հայրենի՞ք, կամ ուղղուին Լիբանան, Եւրոպա: Այս բոլորը պատճառ կը դառնայ, որ գաղութի թիւը աստիճանաբար նուազի, մեր կազմակերպուած համայնքը աստիճանաբար կը նօսրանայ: Մենք չենք կրնար համայնքի բոլոր զաւակներուն պարտադրել, որ ամէն գնով մնան Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ շատ դժուար պայմաններու մէջ կ’ապրին: Բայց եթէ կը հեռանան երկրէն, մեր փափագն է, որ անոնք Հայաստանի մէջ հաստատուին: Մենք պէտք է հայրենադարձութեան ծրագիր մշակենք, համադրուած հայրենի պետական մարմիններուն, եկեղեցական կեդրոններու կողմէն, որ կ’ուղղորդէ մարդոց եւ անոնք հնարաւորութիւն կ’ունենայ կայք հաստատելու հայրենիքի մէջ, ոչ թէ Եւրոպա, Ամերիկա երթան:

Հ- Դուք հալեպահայ համայնքի կազմակերպուածութեան, միասնականութեան մասին խօսեցաք: Կը ցանկայի, որ անդրադառնաք նաեւ այն երիտասարդներուն, որոնք կը պաշտպանեն հայկական թաղամասերը, հայկական դպրոցները, բնակարանները, կը պաշտպանեն` հայկական համայնքը:

Պ- Մեր ակումբի հայ տղաները հերոսական աշխատանք կը տանին հայկական բոլոր շրջաններու եւ յատկապէս Նոր Գիւղի մէջ: անոնք ոչ միայն ժողովուրդի կենցաղային, առողջապահական կարիքները կը հոգան, այլեւ անոնց ապահովութիւնը: Եթէ տեղ մը վիրաւոր կայ, անմիջապէս կը հասցնեն հիւանդանոց: Ամենավտանգաւոր շրջաններու մէջ անգամ օգնութեան կը հասնին: Երբ Նոր Գիւղը հրթիռակոծութեան ենթարկուեցաւ, մարդիկ փլած շէնքերի մէջ չէին գիտեր ինչ ընեն, ուր պէտք է ուղղուին,  ով իրենց պէտք է առաջնորդէր: Ակումբի տղաները կրցան բոլորը համախմբել եկեղեցւոյ սրահին մէջ, շտապ օգնութեան աշխատանքներ իրականացուցին, վիրաւորները հիւանդանոց հասցուցին, մխիթարեցին, ամէն ձեւովօգտակար դարձան ժողովրդին, որպէսզի կարենան ահազանգային այդ մի քանի օրը անցնել: Ակումբի տղաները կը հսկեն մեր կառոյցները, անշուշտ, բախումներու մէջ չեն մտներ, ինչպէս եւ մեր  համայնքը: Անոնք կը հսկեն մեր կեդրոնները, եկեղեցիները, հայկական բնակարանները: Այն շրջաններու մէջ, ուր վտանգը կը սաստկանայ եւ մարդիկ ստիպուած կը մտածեն իրենց բնակարանները լքելու մասին, ակումբի տղանները կ’օգնեն, որպէսզի այդ մարդիկ մնան իրենց բնակարաններու մէջ: Անոնց պէտքերը կ’ապահովեն, սնունդ, դեղորայք կը հասցնեն եւ ժամանակի դժուարութիւններու համեմատ` օգնութիւններու ձեւեր կը ստեղծեն: Այդ բոլոր աշխատանքները կը կատարեն նուիրումով, առանց որեւէ ակնկալութեան, երբեմն իրենց կեանքը վտանգելով:

Հ- Սուրիոյ մէջ ապրողները այսօր Հայաստանէն, Սփիւռքէն ի՞նչ կ’ակնկալեն, ինչի՞ կարիք ունին:

Պ- Մեր հիմնական խնդիրը այսօր Սուրիոյ մէջ մեր գոյութիւնը պահպանելն է, որպէսզի նուազագոյն վնասներ կրենք տագնապէն: Իսկ սուրիական տագնապը այսօր միջազգային տարողութիւն ստացած է եւ ժողովրդավարութեան, ազատութեան շղարշի տակ Սուրիան միջազգային,  քաղաքական շահերու, բախումներու թիրախ դարձած է: Մենք` իբրեւ փոքրամասնութիւն, ամենաշատ տուժողներէն ենք, որովհետեւ թիւով քիչ ենք եւ անմիջական բախումներու մէջ մասնակից չենք: Սուրիահայ համայնքը առաջին իսկ օրէն իր ինքնուրոյն ուղեգիծը ունեցաւ, ժողովրդավարութեան, արդար հասարակարգի ջատագովներէն մէկը եղաւ եւ դէմ եղաւ բռնարարքներուն: Երբեք չներքաշուեցաւ որեւէ քաղաքական կողմի բռնարարքներուն մէջ, ջատագովը հանդիսացաւ Սուրիոյ համակեցութեան, տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ փորձեց լեզու գտնել նոյնիսկ ընդդիմադիրներուն հետ: Գործակցութեան ձեռք մեկնեց բոլոր այն կողմերուն, որոնք Սուրիոյ ընդհանրական շահերու ջատագովներ են եւ այդ ծիրի մէջ կը գործեն:

Հիմա մեր գլխաւոր խնդիրը մեր ապահովութեան, անվտանգութեան հարցն է: Եւ շնորհակալ ըլլալով հայրենի պետութեան, հայրենի, սփիւռքահայ բոլոր կառոյցներուն` նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան համար, որ մինչ օրս կը շարունակուի, մեր փափագն է, որ  յառաջիկայ հանգրուանին այս ժամանակաւոր լուծումները աւելի լուրջ գործընթաց ստանան, այսինքն, հայ քաղաքական միտքը այս տագնապին մէջ ուղղուի աւելի լուրջ լուծումներ գտնելու: Սուրիահայ համայնքը աստիճանաբար կը նուազի, կը նօսրանայ, իսկ մեր ցանկութիւնն է, որ մեկնողները կարենան հաստատուիլ հայրենիքի մէջ:

Հ-Սեպտեմբեր 18-19-ը մեկնարկող Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովը պիտի անդրադառնայ նաեւ սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրներուն: Այս ուղղութեամբ հետաքրքրական է լսել Ձեր կարծիքը, յատկապէս, որ Դուք նոյնպէս հրաւիրուած էք համաժողովին:

Պ- Կը հաւատամ, որ նման համաժողովներ շատ օգտակար են, որովհետեւ այնտեղ կը հնչեն բոլոր կողմերու տեսակէտները: Համաժողովին Սուրիայէն պիտի մասնակցին բաւական մեծ թիւով պատասխանատուներ, լրագրողներ, որոնք կրնան իրականութիւնը աւելի յստակ, առարկայական ձեւով ներկայացնել եւ վեր հանել Սուրիոյ համայնքի մտահոգութիւնները, պահաջները, վտանգի տարողութիւնը եւ լուծումներու գծով առաջարկները: Կը հաւատամ, որ այս ժողովը կրնայ լաւ առաջարկներու, լուծումներու յանգել, բայց կը դառնայ միայն ատաղձ: Եւ այս ատաղձն է, որ յետագային պէտք է օգտագործուի այնպիսի համաժողովներու ժամանակ, ուր որոշումներ առնողները լիազօրութիւն ունին համայնքի ճակատագրի, հայրենադարձութեան ծրագրի մշակման մէջ որոշիչ դեր կատարելու: Այսինքն, այս համաժողովը ատաղձը պէտք է հանդիսանայ, որ ապագային հայրենադարձութեան մշակման համար մենք յատուկ օրակարգով համաժողով իրականացնենք հայրենի պետութեան եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու, եկեղեցական կեդրոններու մասնակցութեամբ, որպէսզի գործնական լուծումներու յանգինք: Մենք կարիք ունինք վերջնական հայրենադարձութեան ծրագրի մշակման` համահայկական ճիգերով եւ գործնական արդիւնքներով: Որպէսզի մարդիկ, Հայաստան գալով, ստիպուած չըլլան չմտածելու Եւրոպա գաղթելու, այլ երկիրներ երթալու մասին: Ընդհակառակը, կը փափագինք, որ այն սուրիահայերը, որոնք կը լքեն են Սուրիան, գան Հայաստան, կաթիլ առ կաթիլ, քայլ առ քայլ հաւատան, որ հայրենիքը իրենց համար լաւագոյն կեցութեան վայրը կրնայ դառնալ, որովհետեւ մեր երկիրն է, մեր հողն է: Սփիւռքի մէջ մենք վաղ թէ ուշ պիտի ձուլուինք:

Հ- Ի՞նչը է ձեզ կը պահէ Հալէպի մէջ:

Պ- Նախ, իմ կապուածութիւնս համայնքի հետ, իմ ընտանիքիս, հարազատներուս ներկայութիւնը: Զիս Հալէպի մէջ կը պահէ իմ ստանձնած աշխատանքիս պատասխանատւութիւնը: Եթէ անգամ մէկ հայ մնայ Սուրիոյ մէջ, պարտաւոր եմ մնալու, եւ ինծի պէս պատասխանատւութիւն ստանձնող շատ անձնաւորութիւններ: Պարտաւոր ենք մեզի վստահուած առաքելութիւնը կատարել` հակառակ բոլոր վտանգներուն:

Միակ ցանկութիւնս է, որ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ, խաղաղութիւն ըլլայ: Վերջին անգամ հայրենիք այցելած էի 1991 թուականին: Երբ մի քանի օր առաջ եկայ, շատ դրական տպաւորութիւններ ստացայ: Այստեղ հաստատուած սուրիահայերը, թէեւ նիւթական դժուարութիւններ ունին, շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կ’ապրին: Կը հասկնամ բոլորի դժուարութիւնները. տագնապի մէջ են, ապագան չեն տեսներ, բայց ապահով են այստեղ: Հայրենիքը գիրկը բացաւ եւ ընդունեց բոլորը, սուրիահայն ալ իր ներդրումը պէտք է բերէ: Ոչ թէ միայն ակնկալութեամբ գայ հայրենիք եւ մտածէ, որ ամէն ինչ պատրաստ, դիւրին պէտք է ըլլայ իրեն համար: Ո՛չ, սուրիահայը աշխատասէր է, շնորհալի է, աշխատունակ ու կազմակերպուած: Մենք ունինք արհեստաւորներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, գիտնականներ, եւ երբ անոնք այստեղ կը հաստատուին, թող իրենց ներդրումը բերեն, համբերատար աշխատանքով, քայլ առ քայլ հայրենիքի մէջ կայք հաստատեն:

Փափագս է, որ խաղաղութիւն ըլլայ Սուրիոյ մէջ, որ մեր համայնքը կարենայ երբեմնի իր կենսունակութիւնը գտնել: Թէկուզ աւելի տկարացած, բայց վերականգնուելու ներուժը մենք ունինք…

Scroll Up