Դատապարտեալները Սուրիահայերու Հետ Բնական Կանաչ Խոտ Կ’արտադրեն

2007 թուականէն Վերնիսաժի մէջ կը գործէ «Բանտային արուեստ» տաղաւարը,  ուր պարբերաբար կը ցուցադրուին ու կը վաճառուին դատապարտեալներու ձեռքի աշխատանքները:  Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէն:

Այս իւրօրինակ տաղաւարը խթան  դարձած է դատապարտեալներու` անազատութեան մէջ օգտակար զբաղում ունենալու ու նաեւ բարոյական-հոգեբանական կապը ազատութեան հետ պահելու համար:

Սեպտեմբեր 16-ին տաղաւար  այցելած էր  «Աջակցութիւն դատապարտեալին» հիմնադրամի տնօրէն Խաչատուր Տօնոյեան:   Հիմնադրամի  տնօրէնի  խօսքով` քրէակատարողական  վարչութեան  հետ  համատեղ դատապարտեալները կ’ուսումնասիրուին եւ անոնց մէջ կը բացայայտուին մասնագէտներ, որոնց փորձն ու հմտութիւնը կարելի է կիրառել յետագայ ծրագիրներու մէջ:

Վերջին կիսամեակին  մօտ 100 դատապարտեալներ  աշխատանք ունեցած են, որոնք հիմնականին մէջ ներգրաւուած եղած են  քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ գործող մեղուաբուծական, արհեստագործական, գիւղատնտեսական աշխատանքներու եւ հացի արտադրամասի մէջ:  Ան նշած է նաեւ, որ հիմնադրամն ունի մեծ կարողականութիւն, եւ պատիժը կրելու ընթացքին դատապարտեալին
հնարաւորութիւն կը տրուի մասնագիտութիւն ստանալ:  «Վերնիսաժի» «Բանտային արուեստ» տաղաւարին մէջ  դատապարտեալներու աշխատանքէն ստացուած վաճառքի հասոյթը, համաձայն դատապարտեալի հետ կնքուած պայմանագիրի, կը յատկացուի անոր  ընտանիքին կամ կը փոխանցուի անոր հաշուեհամարին: Օրինակ` ձեռագործ գորգերէն դատապարտեալի հասոյթը կը կազմէ 3000 ՀՀ դրամ, համրիչներէն`  1000 ՀՀ դրամ, ջութակներէն` մօտ 5000 ՀՀ դրամ»,- տեղեկացուցած է հիմնադրամի տնօրէնը, նշելով, որ գիները կը տատանուին աշխատանքի որակէն եւ չափէն կախուած:  Խ. Տօնոյեանի փոխանցմամբ` սուրիահայերու
հետ համատեղ  բնական կանաչ խոտի արտադրութիւն ծրագիր կ’իրականացուի (ամառ-ձմեռ), ուր ալ հիմնականին մէջ պիտի օգտագործուի դատապարտեալներու աշխատուժը: Ընդհանուր առմամբ, «Աջակցութիւն դատապարտեալին» հիմնադրամը նպատակ ունի զարգացնել քրէակատարողական ծառայութեան սոցիալական ոլորտը,   ու   բացի   դատապարտեալներուն   աշխատանքով     ապահովելը`     նպաստել   նաեւ       ծառայութեան
աշխատակիցներու մասնագիտական եւ դատապարտեալներու կրթական մակարդակի բարձրացման:

Scroll Up