Բակօ Սահակեան Ընդունած Է «Արցախ Ռութս Ինվէսթմէնթ» Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան սեպտեմբեր 16-ին ընդունած է «Արցախ Ռութս Ինվէսթմէնթ» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, որու կազմին էին Լիբանանէն ժամանած մօտ վեց տասնեակ հասարակական գործիչներ եւ գործարարներ:

Ինչպէս կը տեղեկանանք ԼՂՀ նախագահի պաշտօնական կայքէն, հանդիպման քննարկուած  են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:

Իր խօսքին մէջ Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է «Արցախ Ռութս Ինվէսթմէնթ» կազմակերպութեան ներդրումը Արցախի շէնացման գործին մէջ եւ անոր կողմէ իրականացուող աշխատանքները Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջաններուն` գիւղատնտեսութեան  եւ    գիւղական     բնակավայրերու  զարգացման  ու
ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ:

Երկրի ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ու տարածաշրջանային գործընթացներուն` պատասխանելով ներկաներուն կողմէ բարձրացուած հարցերուն:

Հանդիպման ներկայ էին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, պաշտօնատար այլ անձիք:

Scroll Up