Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Շաբաթ, 13 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւնը` կազմակերպութեամբ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինին եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մուսա լերան քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին (ղեկավար` Պօղոս Քենտիրճեան), ապա տօնակատարութեան բացման խօսքը արտասանեց եւ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց Նարէ Հաւաթեան:
Նարէ Հաւաթեան ըսաւ, թէ մուսալեռցիք չխաբուեցան եւ չզիջեցան թշնամիին, որովհետեւ անոնք քաջ, արթուն եւ միասնակամ էին, անոնք պայքարեցան առանց դաւանական եւ կուսակցական խտրականութեան: Ան շարունակեց ըսելով, որ այդ նոյն հերոսական ոգիով անոնք շարունակեցին ապրիլ իբրեւ ամբողջական հայ, պահեցին եւ պահպանեցին այս գիւղը եւ միասնաբար բոլորին կ՛ըսեն. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»:
ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային երգեր, որմէ ետք երգիչ Գօգօ Թիւթիւնճեան հանդէս եկաւ ազգային-յեղափոխական երգերով` ընկերակցութեամբ երգեհոնահար Յովիկ Ատուրեանի:
«Սասունցիների պարը» տպաւորիչ ասմունքը ներկայացուց Նազօ Փոլատեան:
Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան
Օրուան պատգամախօս տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան ըսաւ, որ պատմութիւնը արդիւնք է մարդուն եւ անոր մտքին, կամքին, ձգտումին, խռովքին եւ երազին ներգործութեան, որով կը պայմանաւորուին ժողովուրդներու եւ հաւաքականութիւններու կեանքն ու անոր հունը:
Ան ըսաւ, որ պատմութիւնը վկայ է, թէ հայ ազգը կամքի զօրութեամբ եւ միասնակամութեամբ կրցաւ անցընել, շրջել եւ վերականգնել անկումային ընթացքը, ուր հասած էր 14-րդ դարէն 20-րդ դարերուն ընթացքին:
Տոքթ. Թասլաքեան վեր առաւ Մուսա լերան ժողովուրդի սխրանքի կարեւորութիւնը 1915 թուականին, ինչ որ իրագործուեցաւ ժողովուրդի քաջութեան, միասնականութեան եւ առողջ բնազդի գոյութեամբ: Հերոսական դիմադրութիւն մը, որմէ ներշնչուեցան ուրիշ ազգեր համաշխարհային 2-րդ պատերազմին ընթացքին, մանաւանդ երբ այս պատմական դէպքը ստացաւ համաշխարհային ծանօթութիւն Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» դիւցազնավէպով, որ թարգմանուեցաւ աւելի քան 50 լեզուներու:
Ան իր խօսքը աւարտեց խորհրդածութեամբ մը, ուր Այնճար հայաւանը նմանցուց կորիզի մը, որ ունի ձգողութեան ուժ` իր շուրջ պահելու եւ համախմբելու համայն հայութիւնը:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով` երգիչ Գօգօ Թիւթիւնճեանի կատարողութեամբ:
Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական շուրջպարերով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Մուսա լերան աւանդական պարեղանակները դհոլ-զուռնայով կատարեցին Ասօ Մախուլեան, Վաչէ Քենտիրճեան եւ Պօղոս Քենտիրճեան:
Ս. Պատարագ, Հոգեհանգստեան Արարողութիւն,
Մատաղի Օրհնութիւն Եւ Բաշխում
Մուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Խաչվերացին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձին` զոյգ առիթները նկատելով կարեւոր, անկիւնադարձային եւ օրինակելի մեր ժողովուրդին համար:
Սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտին համար մղուած պատերազմին` զայն վերադարձնելու համար գերութենէ, պատերազմը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ հայկական այրուձին: Գերութենէ վերադարձին խաչափայտը ժողովրդային դիմաւորումի արժանացած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ Խաչվերացի տօնը խաչին եւ խաչեալին հաւատարմութեան տօնն է, որ կը հզօրացնէ հաւատացեալները աստուածային հաւատքով:
Սրբազանը անդրադառնալով Մուսա լերան հերոսամարտին յայտնեց, որ «մուսալեռցիները հաւատացին իրենց կամքի ուժին եւ նախընտրեցին արժանապատիւ նահատակութիւնը` փոխան սոսկական չարչարանքն ու մահը: Անոնք լեռ բարձրացան հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահելով եւ պայքարեցան ու Աստուծոյ օգնութեամբ փրկուեցան: Այսօրուան արդի նահանջող պայմաններուն մէջ կարեւոր է, որ մեր ժողովուրդը պահէ խաչին նկատմամբ իր հաւատքը եւ շարունակէ մուսալեռցիներուն պայքարը, առանց տկարանալու, ի խնդիր մեր ժողովուրդի գոյատեւումին»:
Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա սրբազան հայրը, Վարուժան արք. Հերկելեան, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեան եւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան միասնաբար կատարեցին մատաղի օրհնութիւնը:
Այնուհետեւ օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները` վերանորոգուած եւ ներշնչուած Մուսա լերան նահատակներուն հերոսական ոգիով:
Յայտնենք, որ շաբաթավերջին «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ բաց մնաց այնճարցի 7 արուեստագէտներու ցուցահանդէսը, զոր այցելեցին մեծաթիւ ուխտաւորներ:
«Ազդակ»