Բացում Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99 Ամեակի Ձեռնարկներուն «Մուսա Լերան Բարբառին եւ Բառարանին» Նուիրուած Երեկոյ

10  Սեպտեմբեր 2014-ին ընթացք առին Մուսա Լերան Հերոսամարտի  99 ամեակի տօնակատարութիւնները՝ «Մուսա Լերան Բարբառին եւ Բառարանին»  նուիրուած յատուկ ձեռնարկով մը որ տեղի ունեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» Ժողովրդային Տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100 ամեակի Կեդրոնական Մարմնին եւ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի դաստիարակչական Յանձնախումբին կողմէ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Գիւղի հոգեւոր պետերը, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ Մուսա լերան բառբարը սիրող հայրենակիցներ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Հերկելեան, որ Մուսա Լերան բառբարով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ խօսելէ ետք Մուսա լերան գիւղերուն եւ բառբարին մասին, ըսաւ թէ «այս բառբարը պահելու եւ պահպանելու համար պէտք է քաջալերենք նոր սերունդին սորվեիլ եւ գործածել զայն»:

Բացման խօսքին յաջորդեց Պետրոս Հերեանի «Կեաւուրի Լակոտ» քերթուածի ասմունքը կատարողութեամբ Արտակ Կէօքճեանի:

Տիկ. Թամար Հերկելեան-Թասլաքեան ներկայացուց Թովմաս Հապէշեանի «Վըրքը Վիրիվ Իլվիրցու» արձակ գրութիւնը Մուսա Լերան բառբարով:

Վարանդ Տումանեան ներկայացուց Յակոբ Բամպակեանի «Ան Վախըտը Պաս» քերթուածը՝ դարձեալ Մուսա Լերան բառբարով:

Եսայի Հաւաթեան Մուսա Լերան բառբարով խօսք առաւնելով անդրադառցաւ Մուսա Լերան բառբարին, անոր առանձնայատկութիւններուն եւ անոր մասին լոյս տեսած տարբեր հեղինակներու գործերուն մասին:

Ան մասնաւորաբար ներակայացուց այս բառբարին մասին ցարդ հրատարակուած բառարանները եւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Յակոբ Փամպուքեանի հեղինակած եւ հրատարակութեան պատրաստ նոր բառարանին, որ կը պարունակէ աւելի քան 10 հազար բառեր:

Այս աշխատանքը երկար տարիներու իրագործում է եւ ամենէն ծաւալուն բառարանը ըլլալու կոչուած է որ նուիրուած է Մուսա Լերան Գաւառաբառբարին:

Ան բարձր գնահատեց Յակոբ Փամպուքեանի այս աշխատանքը որ լոյս պիտի տեսնէ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100 Ամեակի առիթով՝ հեղինակի որդւոյն Հրաչ Փամպուքեանի մեկենասութեամբ:

Այս խօսքէն ետք Մուսա Լերան բառբարով 2 Երգեր կատարեց Տիկ Սեւան Հաճեան-Մէթլեանը:

Ապա տեղի ունեցաւ բառարանի առաջին ձեռագիր օրինակին շնորհահանդէսը, գիւղի հոգեւոր պետերու մասնակցութեամբ:

Ձեռնարկի աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց բառարանի հեղինակ բանաստեղծ Յակոբ Փամպուքեանը, որ Մուսա Լերան բառբարով ողջունելէ ետք ներկաները կոչ ըրաւ ներկաներու գուրգուրալ Մուսա Լերան բառբարին վրայ եւ ճիգ թափել որ նոր սերունդը շարունակէ խօսիլ այս իւրայատուկ, քաղցր եւ քաջ լեզուով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն մաղթելով որ Մուսա Լերան բառբարը ապրի յաւիտեան:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

www.mousaleranjar.com

0203

Scroll Up