«Թուրքիա Այս Ժապաւէնը Տեսնելու Պատրա՞ստ Է»
Թուրք շարժանկարի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած ժապաւէնը, որուն մասին շատ կը խօսուի արդէն, առաջին անգամ ներկայացուած է Վենետիկի շարժանկարի փառատօնին: Ֆաթիհ Աքընի այս ժապաւէնը, որ «Կտրուածք» (անգլերէն քաթ) կոչուած է, կը կազմէ բեմադրիչին կողմէ նկարահանուած երեք ժապաւէններու շարքի մը երրորդը: Վենետիկի փառատօնին մասնակցելէ ետք ժապաւէնը oնդհանուր ցուցադրութեան պիտի դրուի 16 հոկտեմբերին: Հաւանաբար պիտի դիտուի Թուրքիոյ մէջ եւս:
Ժապաւէնին մասին Ֆաթիհ Աքըն յայտարարութիւններ ըրած է «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին, պատմած է ժապաւէնին նիւթը եւ ըսած է, որ այս ժապաւէնը կ՛արտայայտէ նաեւ նշանաւոր բեմադրիչներու նկատմամբ իր հիացումը: Ան ըսած է. «Կը մտածեմ, որ Թուրքիա այլեւս պատրաստ է այս ժապաւէնին համար: Ես ժապաւէնին բեմագրութիւնը կարդալ տուի երկու բարեկամներուս, անոնցմէ մէկը ըսաւ, որ մեզ պիտի քարկոծեն, միւսն ալ ըսաւ, որ մեզի վարդ պիտի հրամցնեն: Ժապաւէնը դիտել տուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունողներուն եւ մերժողներուն, երկուքին մօտ ալ նոյն զգայնութիւնները ստեղծուեցան: Իմ կարծիքովս, կարելի է այս ժապաւէնը նկատել երկու երկիրներու միջեւ կամուրջ մը»:
Թէ Թուրքիոյ մէջ ի՛նչ հակազդեցութիւն պիտի ստեղծէ այսպիսի ժապաւէն մը, պիտի տեսնենք, եթէ ժապաւէնը իսկապէս օր մը ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ ալ: Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը գրէ, որ ականաւոր բեմադրիչ Մարթեն Սքորսեզէն ալ շատ տպաւորուած է այս ժապաւէնէն: Այս խնդրին մէջ իր դերը ունի Սքորսեզէի բեմագիր Մարտիկ Մարթին (հա՞յ է արդեօք):
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»