ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Շնորհաւորական Խօսքը Ռոպերթօ Մարգարեանին Ուրուկուէյի Պետական Համալսարանի Տնօրէն Ընտրուելու Առիթով

ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ

ՊԱՐՈՆ ՌՈՊԵՐԹՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻՆ
Յարգելի պարոն Մարգարեան,
Մեծ ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ ընտրուած էք Ուրուկուէյի պետական համալսարանի տնօրէն:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ իմ անունէն ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզի այդ պաշտօնին ընտրուելու առիթով: Հպարտ եմ, որ ապրելով եւ արարելով Մայր Հայրենիքէն դուրս` Ուրուկուէյի մէջ, Դուք կրցած էք կրթուիլ, խորանալ գիտութեան մէջ եւ բարձրանալ կրթական համակարգի աստիճաններով: Որպէս գիտնական, որպէս բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ` Ձեր ջանասիրութեան եւ մեծ եռանդի շնորհիւ Ձեր մասնագիտական ուղին դուք հմտօրէն  հարթած էք եւ ստացած արժանի գնահատական Ձեր գործընկերներու եւ ղեկավարներու կողմէ:

Համոզուած եմ, որ Դուք, ընտրուելով Ուրուկուէյի պետական համալսարանի տնօրէն, պիտի շարունակէք հայ-ուրուկուէյական բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած Ձեր ջանքերը: Վստահ եմ, որ նաեւ Ձեր օգնութեամբ առաւել պիտի զարգանայ եւ խորանայ հայրենիք-սփիւռք գործակցութիւնը:

Յարգանքով եւ լաւագոյն բարեմաղթանքներով`

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Scroll Up