Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Մատուցուած Է Ամենամեայ Պատարագը

Ուխտաւորները սեպտեմբեր 7-ին մասնակցած են Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով թրքական Haberler.com-ը, թէպէտ պատարագի ժամանակ եկեղեցւոյ ներսը տեղաւորուած էր շուրջ 70 մարդ, սակայն կղզի այցելածներու թիւը կ’անցնէր 200-ը: Արդէն հինգերորդ ամենամեայ պատարագը մատուցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը:

Ելոյթին ժամանակ Արք. Աթէշեան, յիշատակելով Սուրիոյ, Իրանի, Իրաքի, Ղազզայի հատուածին մէջ տեղի ունեցող րիւնահեղութիւնները, կոչ ըրած է բոլորին աղօթել «Երկրի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար»: Ան յիշեցուցած է, որ
կրօնի անունով իրականացուող սպանութիւններն ու յանցագործութիւնները չեն կրնար ընդունելի ըլլալ եւ դէմ են «Սուրբ գիրքին»: Ան նաեւ անչափ կարեւոր նկատած է առաջին անգամ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ  մէջ իրականացուող պատարագին Յոյներու տիեզերական պատրիարքի` Բարդուղիմէոսի ներկայութիւնը:

Արարողութենէն ետք իր շնորհակալական խօսքը յայտնած է Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը: Սուրբ Խաչի պատարագին ներկայ  եղած են նաեւ ԱՄՆ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արքեպիսկոպոս
Պարսամեանը, ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Եուսուֆ Չեթինը, Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայեան, Գեւաշի քաղաքապետ Սինան Հաքանը, Ատանայի մէջ ԱՄՆ հիւպատոսը եւ այլք:

Պատարագի աւարտին հայերն ու քիւրտերը երգեր  կատարած են: Աւելի ուշ ներկաները Գեւաշի մէջ մասնակցած են խաղաղութեան սեղանին»:

Armenpress.am

Scroll Up